2015-08-31 12:53:00

Պրուքսելի մէջ եւրոպական երկիրներու ժողովի շտապ գումարում


(Ռատիօ Վատիկան) Յառաջիկայ 14 սեպտեմբերին, Պրուքսելի մէջ, կը գումարուի եւրոպական երկիրներու շտապ ժողով մը, որպէս  նիւթ ունենալով գաղթականութեան հարցի կարգաւորումը։ Ժողովը կը գումարուի Անգլիոյ, Ֆրանսայի եւ Գերմանիոյ  արտաքին գործոց նախարարներու խնդրանքին ընդառաջելով։

Յիշեալ ժողովին կէտնպատակն է, որդեգրել անմիջական միջոցառումներ, ի տես Եւրոպայի մէջ ներխուժած անթիւ գաղթականներուն եւ անոնց ողբերգութեան, որուն վերջինը պատահեցաւ երկուշաբթի, 31 օգոստոսին՝  Լիպիայէն  փախուստ տուած 37 գաղթականներու մահով։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.