
(Ռատիօ Վատիկան) Յառաջիկայ 7 սեպտեմբերին, Դամասկոսի մէջ կայանալիք Ֆաթիմայի Տիրամօր ուխտագնացութեան արարողութիւնը յետաձգուած է, ապահովական պատճառներու բերումով։
Այս մասին յայտնած է Փորթուկալի Տիրամօր սրբավայրին տեսուչ՝ Հայր Քարլոս Քապէչինաս, ստանալէ ետք հաղորդագրութիւնը մը, Սուրիոյ Անտիոքի Յոյն Կաթողիկէ Պատրիարք՝ Գրիգոր Գ. Լահհամի կողմէ։
Հաղորդագրութեան մէջ, Յոյն Կաթողիկէ Պատրիարքը գրած է՝ Դամասկոսի իրավիճակի վատթարացման ի տես, կարելի չէ կատարել շատ փափաքուած Ֆաթիմայի Տիրամօր ուխտագնացութիւնը։ Ան խնդրած է յետաձգել Տիրամօր արձանի ուխտակցութիւնը, եւ զայն կատարել աւելի ապահով ժամանակամիջոցի մը մէջ։
Հաղորդագրութեան աւարտին Գերերջանիկ Լահհամ, Փորթուկալի Ֆաթիմայի Տիրամօր սրբավայրի տեսուչէն խնդած է՝ երբեք չդադրիլ աղօթելէ Սուրիոյ հաւատացեալներու դիտաւորութեան համար։
| All the contents on this site are copyrighted ©. |