2015-08-29 10:59:00

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետ խորապէս մտահոգուած է գաղթականներու վիճակով


(Ռատիօ վատիկան) ֆրանչիսկոս Քահանայապետ խոր մտահոգութեամբ կը հետեւի գաղթականներու ողբերգութեան։ Աստուածաշնչային գաղթ մըն է, որ կը կատարուի, ուր ամբողջ ընտանիքներ կը մատնուին թշուառութեան, եւ կեանքը վտանգի տակ դնելով կը փնտռեն ապագայ մը՝ հեռու պատերազմներէ, սովէ եւ որեւէ տեսակի բռնութենէ։ Հրատարակած Թուիթի մը մէջ սրբազան Պապը կ’աղօթէ՝ “Տէր, օգնէ մեզի, որ ըլլանք աւելի վեհանձն եւ միշտ աւելի մօտիկ՝ աղքատ ընտանիքներու”։ Քահանայապետի կոչին այժմ իրենց ձայնը կը միացնեն պետութիւններն,  իշխանութիւնները եւ ՄԱԿը։

Եւրոպայի պետութիւնները եւ միջազգային հասարակութիւնը մտահոգ են գաղթականներու վիճակով։ Երկիրներու ղեկավարները կը կազմակերպեն հանդիպումներ, լուծում գտնելու այս տխուր վիճակին։ Վերջին օրերուն Աւստրիոյ մէջ պատահած դէպքը, ուր 76 անհատներ զոհ դարձած էին հունգարացի եւ պուլկարացի մարդավաճառներու, նոր ահազանգ մը բարձրացուցած են, անգամ մը եւս դիմելով մարդկութեան խղճին։

Avvenire օրաթերթի թղթակից՝ Նելլօ Սքաւօ, Մակեդոնիայէն եւ Ալպանիայէն տեղեկութիւններ հաղորդած է պալքանեան երկիրներու տարածքին կատարուող իրադարձութիւններու մասին։ Ըստ Սքաւօ թղթակիցին՝ գաղթականները կը հասնին Թուրքիայէն, եւ ապա անցնելով Յունաստանէն եւ Պուլկարիայէն կը մեկնին Մակեդոնիա, ուր երեք օրուան պայմանաժամ ունին՝ երկրէն հեռանալու։ Վերջին ամիսներուն, աւելի քան 100 հազար անհատներ հասած են այդ ճամբով, իսկ միայն վերջին քանի մը օրերուն՝ անոնց թիւը կը հասնի չորս հազարի։ Գաղթականները պատրաստ են յանձն առնելու որեւէ վտանգ՝ հասնելու համար Եւրոպա։

Նելլո Սքաւօ՝ Փրիսթինա քաղաքէն կը յայտնէ, թէ գաղթականներու ներկայութիւնը մարդավաճառներուն նոր “գործի” առիթ բացած է։ Այս տարածաշրջանին մարդավաճառութիւնը միշտ հասութաբեր գործ եղած է։ Քոսովական մաֆիան՝ համագործակցութեամբ սերպերու եւ մակեդոնացիներու, կը կազմակերպէ զանազան ճանապարհներ, շրջանցելու համար հունգարական պատնէշը՝ անցնելով Ռումանիայէն, Սլովենիայէն, Քրոաթիայէ՝ հասնելու համար Աւստրիա, Իտալիա, եւ կամ այլ Երկիրներ։

Անոնց դիմագրաւած վտանգները մեծ են, իսկ մարդավաճառներու վճարուած գիները 300-400 եւրոյէն բարձրացած են հազար եւրոյի իւրաքանչիւր գաղթականի համար։

Avvenire օրաթերթի թղթակիցը, մխիթարական կը նկատէ սակայն՝ որոշ անհատներու ցուցաբերած օգնութիւնները, որոնք առանց պետական իշխանութիւններու աջակցութեան իրենց կարելին ըրած են ամոքելու գաղթականներու տանջանքը։








All the contents on this site are copyrighted ©.