2015-08-27 12:10:00

Հիւսիսային եւ Հարաւային Քորէաները համաձայնած են մեղմացնել զինուորական լարուածութիւնը


«Ռոյթըրզ» կը հաղորդէ, որ Հիւսիսային եւ Հարաւային Քորէաներուն միջեւ լարուածութիւնը նուազած է երկու օր տեւած բանակցութիւններէ ետք:

Կողմերը հրապարակած են միացեալ յայտարարութիւն մը, որուն մէջ Փիոնկեանկ ափսոսանք յայտնած է վիրաւորուած հարաւային քորէացի զինուորներուն վերաբերեալ, որոնք ականի պայթումէն վնասուած էին ապառազմականացուած գօտիին մէջ: Սէուլն ալ իր կարգին համաձայնած է անջատել բարձրախօսները, որոնց միջոցով Հիւսիսային Քորէայի վարչակարգին դէմ քարոզչութիւն կը կատարէր վերջինիս հետ սահմանին վրայ:

Հիւսիսային Քորէա չեղեալ յայտարարած է զինուորական դրութիւնը, որ յայտարարուած էր կողմերուն միջեւ փոխադարձ ռմբակոծումներէն ետք: Բացի ատկէ, յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ երկու Քորէաները մայրաքաղաքներէն մէկուն մէջ հետագային պիտի կատարեն բանակցութիւններ, որոնց նպատակը պիտի ըլլայ կապերու բարելաւումը:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը ողջունեց համաձայնութիւն:








All the contents on this site are copyrighted ©.