2015-08-26 10:36:00

Ֆրանչիսկոս Պապին չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւնը`''Աղօթքը''։


(Ռատիօ Վատիկան)  Չորեքշաբթի` 26 օգոստոս 2015-ի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, աւանդութեան համաձայն, Սուրբ Պետրոսի հրապարակի տարածքին հրապարակային ունկնդրութիւն շնորհեց այնտեղ համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներուն։

Շարունակելով ընտանիքի մասին իր խորհրդածութիւնները Նորին Սրբութիւնը խօսքը կեդրոնացուց ընտանեկան յարկէն ներս աղօթքի յատկացուած ժամանակի վրայ։

Սիրեցեալ եղբայրներ եւ քոյրեր, ըսաւ Սրբազան Պապը, խորհրդածելէ ետք ընտանիքի աշխատանքի եւ տօնախմբութեան ապրած ժամանակի մասին այժմ նկատի պիտի առնենք ''Աղօթքի յատկացուած ժամանակը''։ Արդարեւ Քրիստոնեաներու դժգոհութիւնը  ընդհանրապէս կը հայի ժամանակին, ''Աւելիով պէտք եմ աղօթել... այս է փափաքս, սակայն յաճախ ժամանակը կը պակսի''։

Հարկ է մեր սրտերուն մէջ մշակել ''ջերմ'' սէր մը Աստուծոյ հանդէպ, քնքուշ սէր մը, յորդորեց Նորին Սրբութիւնը, մէջբերելով ամենամեծ պատուիրանը ''Սիրէ քու Տէր Աստուածդ բոլոր սրտովդ, բոլոր հոգիովդ եւ բոլոր զօրութեամբ''։ Ապա հարց տուաւ. ''Կարողութիւնը ունի՞նք մտածելու Աստուծոյ որպէս գուրգուրանքը որ մեզ կենդանի կը պահէ, որմէ առաջ ոչ մէկ բան գոյութիւն ունի։ Գուրգուրանք մը որմէ ոչ մի բան կարելի է մեզ անջատել եւ ոչ իսկ մահը։ Կամ թէ Անոր կը մտածենք որպէս Ամենակատարեալ Էակը, ամենակարողը որ ամէն ինչ ստեղծեց ու դատաւորը որ ամէն մէկ ներգործութեան վրայ կը հսկէ''։

Միայն երբ զԱստուած ըմբռնենք որպէս մեր բոլոր սէրերուն` սէրը այն ժամանակ կրնանք հասկնալ վերոյիշեալ բառերուն իմաստը ու կրնանք դառնալ երջանիկ` որովհետեւ Ան մեզի կը մտածէ ու մասնաւորապէս մեզ կը սիրէ – հաստատեց ապա Ֆրանչիսկոս Պապը ու աւելցուց  ''Եթէ Աստուծոյ հանդէպ սէրը չի վառեր աղօթքի հոգիին կրակը, ան չի կրնար ջերմացնել ժամանակը։ Նոյնիսկ եթէ հեթանոսներու նման կրկնապատկենք մեր խօսքերը եւ կամ փարիսեցիներուն նման ի ցոյց դնենք մեր ծէսերը։

Սիրտ մը ուր կը բնակի Աստուծոյ սէրը աղօթքի կը փոխէ նոյնիսկ առանց խօսքերու գաղափար մը, կամ սրբապատկերի առջեւ արտայայտուած խնդրանք մը եւ կամ ալ համբոյր մը ուղղուած եկեղեցւոյ։

Գեղեցիկ երեւոյթ է տեսնել Մայրերը որ իրենց զաւակներուն կը սորվեցնեն համբոյրներ արձակել դէպի Յիսուս կամ Աստուածածինը։ Այդ պահուն մանուկներու սրտերը կը դառնան աղօթքի վայրեր, Սուրբ Հոգւոյն շնորհքի միջոցաւ, յայտնեց Սրբազան Պապը ու հրաւիրեց երբեք չմոռնալ այդ շնորհքը հայցելու, որուն միջոցաւ Աստուծոյ Հոգին մեզի թոյլ կու տայ յատուկ կերպով զԱստուած կոչելու Հայր։ 

Սրբազան Քահանայապետը հուսկ մատնանշեց թէ  ''այս շնորհքը հայցելու վարժութիւնը կը սորվինք ընտանիքին մէջ, այն նոյն ինքնաբերականութեամբ որով Հայր ու Մայր կը կոչենք մեր ծնողները''։

Ընտանիքի յատկացուած ժամանակը, խրթին ժամանակ է, մտահոգութեամբ ու գործունէութեամբ լի։ Միշտ քիչ է ու անբաւարար։ Ով որ ընտանիք մը ունի շուտով կը սորվի այդ քիչ ժամանակը լաւապէս օգտագործել զայն կրկնապատկելով, այնպէս ինչպէս կ՛ընեն շատ մը մայրեր ու հայրեր, որոնք արժանի են Նոպէլեան մրցանակին – ըսաւ ապա Քահանայապետը ընդգծելով թէ   ''Աղօթքի հոգին ժամանակը կը վերադարձնէ Աստուծոյ ու հեռու կը մնայ ժամանակի պակասէն տառապող կեանքի մը մոլեգնութենէն ու կը գտնէ անդորրութիւնը ամենապարզ բաներուն մէջ''։

Այս ուղեւորութեան բարի առաջնորդներէն են Մարթան եւ Մարիամը որոնց մասին կը խօսի Աւետարանը (Ղուկ 10, 38-42)։ Յիսուսի անոնց տուած այցելութիւնը իրենց համար տօնախմբութիւն էր ու Մարթան հասկցած էր թէ հիւրընկալութիւնը, թէեւ խիստ կարեւոր է, ամէն բան չէ, եւ թէ Տիրոջ մտիկ ընելը, այնպէս ինչպէս կ՛ընէր Մարիամ, յատկացուած ժամանակի էական ու ամենակարեւոր մասն է։

Աղօթքը կը բխի Յիսուսին ունկնդրութենէն ու Աւետարանի ընթերցումէն ինչպէս նաեւ Աստուծոյ հետ կայացած մտերմութենէն։ Աւետարանի ընթերցումը ու անոր մասին խորհրդածութիւնները ընտանիքին ներքոյ կը նմանին այդ համեղ հացին որ կը սնուցանէ բոլորին սրտերը – ըսաւ հուսկ Ֆրանչիսկոս Պապը ու հրաւիրեց առաւօտուն եւ երեկոյեան միասնական աղօթք կատարել ընտանեկան յարկէն ներս որպէսզի Յիսուս մեր մօտ գայ այնպէս ինչպէս կ՛ընէր Մարթային, Մարիամին եւ Ղազարոսին հետ։

Խորհրդածութեան աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապը զանազան լեզուներով ողջունեց հրապարակը համախմբուած հաւատացեալները ապա յատուկէն ողջոյնի խօսք ուղղեց երիտասարդներուն հիւանդներուն եւ նորապսակեալներուն զանոնք յանձնելով Սուրբ Օգոստինոսի մօր` Սրբուհի Մոնիքայի  հովանիին։








All the contents on this site are copyrighted ©.