2015-08-26 09:38:00

Պարի քաղաքին մէջ ազգային ծիսական 66րդ շաբաթը 27էն 30 օգոստոս։


(Ռատիօ Վատիկան) Իտալիա 27էն 30 օգոստոս, Իտալիոյ Պարի քաղաքին մէջ տեղի կ’ունենայ ազգային ծիսական 66րդ շաբաթը որուն բնաբանն է՝ “Սուրբ Հաղորդութիւն, ամուսնութիւն, ընտանիք”, կազմակերպուած՝ Ծիսական Գործերու Կենդրոնի կողմէ։ Կազմաւորման եւ հոգեկանութեան այս հանդիպումը կը միացնէ աշխարհականներ, հովուականի գործիչներ, եւ ամբողջ Իտալիայէն ժամանած թեմերու եւ կրօնաւորական հաստատութիւններու ներկայացուցիչներ։ 2015ի համար ընտրուած նիւթը, ըստ Գերապայծառ Ալչեսթէ Քաթելլայի՝ նախագահ Ծիսական Գործերու Կենդրոնի, “նպատակ ունի շարունակելու եւ խորացնելու՝ ըլլա´յ Սուրբ Հաղորդութեան ծիսա-խորհորդական տեսակէտը՝ իբր քրիստոնէական ընկալման խորհուրդներու գագաթնակէտը եւ աղբիւր ամուսնութեան, ինչպէս նաեւ կիրակի օրուան խորհուրդը, որ Քրիստոսի՝ Փեսային ամուսնութեան յիշատակի օրն է Եկեղեցւոյ՝ հարսին հետ”։

Կենդրոնական է ապա, վերյիշել կիրակնօրեայ Սուրբ Պատարագի մատուցման արժէքը, որտեղէն ընտանիքը կրնայ անընդհատ քաղել Սուրբ Հոգիին ոյժը, ունենալու համար ինքնութեան կայունութիւն իր ամբողջ ճշմարտութեամբ եւ գեղեցկութեամբ։

Այս շաբաթը կը ներմուծուի եկեղեցական ձեռնարկներու համակարգէն ներս, որոնք կը կենդրոնանան ընտանիքի եւ ամուսնութեան վրայ. բաւ է մտաբերել ընտանիքներու միջազգային հանդիպումը, որ ծրագրուած է յառաջիկայ 22-27 սեպտեմբերին, Ֆիլատելֆիայի մէջ, որուն ներկայ պիտի ըլլայ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետ, ինչպէս նաեւ Սովորական Ընդհանուր Սիւնհոդոսին, որուն նիւթն է “Ընտանիքի կոչումը եւ առաքելութիւնը ներկայ Եկեղեցւոյ եւ աշխարհի մէջ”, եւ որ տեղի պիտի ունենայ Վատիկանի մէջ, տարւոյս հոկտեմբերի 4-25։

Զուգադիպութիւն չէ, որ հանդիպման ընթացքին բանախօսութեամբ մը իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Գերապայծառ Պրունօ Ֆորթէ, արքեպիսկոպոս Քիեթի-Վասթօ թեմի եւ բացառիկ Քարտուղար ընտանիքի նուիրուած սիւնհոդոսին։ Գերապայծառ Ֆորթէյի նիւթն է՝ “Սուրբ Հաղորդութեան տարածքը Ամուսնացեալներու եւ ընտանիքի կեանքէն ներս”։ Նախատեսուած է նաեւ Ֆրանքօ եւ Ճուզեփփինա Միանօ զոյգի ելոյթը, որոնք մասնագէտի հանգամանքով իրենց մասնակցութիւնը բերած էին 2014ի հոկտեմբերին կայացած Արտակարգ Ընդհանուր Սիւնհոդոսին, որուն նիւթն էր ընտանիքը։ Պարի-Պիթոնթօ թեմի արքեպիսկոպոսը արտայատուած է գոհունակութեամբ՝ “ուրախ եմ ընկալելու ազգային ծիսական Շաբաթը Պարի քաղաքին մէջ, այստեղ գոյացած ազգային Սուրբ Հաղորդութեան 24րդ Համաժողովէն տաս տարի անց, որ 2005ին գումարուած էր “Առանց Կիրակի օրուան չենք ապրիր” խորագրով։ Թող ան կարենայ լուսաւորել ամուսնութեան ծիսակատարութեան եւ Եկեղեցւոյ եւ ընկերութեան մէջ ընտանիքի կատարած առաքելութեան տարածքը”։








All the contents on this site are copyrighted ©.