2015-08-26 11:38:00

Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի նամակը Սուրբ Երկրի եբրայախօս կաթողիկէներուն։


(Ռատիօ Վատիկան) Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին, Վատիկանի Պետական Քարտուղար՝ Ֆրանչիսկոս Պապի անունով նամակ մը յղած է Սուրբ Երկրի մէջ աշխատանք տանող “Սուրբ Յակոբի Գործունէութիւն” հիմնարկին, որ եբրայախօս կաթողիկէներու առաքելութիւնն է։ Ծիրանաւորին նամակը հասցէագրուած է Հայր Տավիտ Նոյհաուզի՝ Պատրիարքական Փոխանորդ եբրայախօս կաթողիկէներու համար։

13 օգոստոս թուակիր նամակին մէջ, Կարդինալ Փարոլին կը գրէ՝ “Սրբազան Հայրը ուրախ էր լսելով Սուրբ Յակոբի Առաքելութեան 60րդ տարեդարձի հանդիսութիւններու մասին, եւ կ’ուղարկէ սրտագին բարեմաղթութիւններ ձեզի, քահանաներուն, կրօնաւորներուն եւ եբրայախօս կաթողիկէներուն։ Դուք կը յիշէք բազմաթիւ շնորհքները, զորոնք Աստուած պարգեւած է ձեր առաքելութեան այս տարիներու ընթացքին։ Նորին Սրբութիւնը կ՛աղօթէ՝ որ դուք բոլորդ նորոգուիք Սուրբ Աւետարանի զուարթ վկայութեան մէջ, ոչ միայն խօսքերով, այլ ամենէն աւելի՝ Աստուծոյ շնորհքով կերպարանափոխուած կեանքերու միջոցաւ։ Այս կերպով, ոչ միայն ձեր Փոխանորդութիւնը պիտի զօրանայ, այլ ան պիտի վերածուի երկխօսութեան եւ խաղաղութեան աւելի ազդու գործիքի մը՝ ընկերութեան աւելի լայն շրջանակներու մէջ, եւ Քրիստոսի սիրոյ նշանի՝ ամենէն կարիքաւորներուն համար։ Ֆրանչիսկոս Պապ՝ յանձնելով “Սուրբ Յակոբի” Փոխանորդութիւնը Սուրբ Կոյս Մարիամի մայրական բարեխօսութեան, կը յղէ իր Առաքելական Օրհնութիւնը իբր երաշխիք խաղաղութեան եւ ուրախութեան ի Տէր”։








All the contents on this site are copyrighted ©.