Երկուշաբթի 24 Օգոստոս 2015-ին, առաւօտեան ժամը 11:00-ին, Ս. Աստուածածնի Վերափոխման
9-րդ օրը, Զմմառու վանքի «Արծիւեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Քահանայից ժողով, նախագահութեամբ
Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամեն. Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքին, մասնակցութեամբ
22 հոգի հաշուող եպիսկոպոսներու, Զմմառու վանքի Վարչական Հայրերու, վարդապետներու և թեմական
քահանաներու: Ժողովին ներկայ էին նաեւ Հայաստանի և Հասաքէի թեմերէն վարդապետներ: Հ. Վարդան
Վրդ. Գազանճեան կարդաց Ս. Պօղոս Առաքեալի նամակէն հատուած մը: Ապա Ամեն. Հոգեւոր Տէրը
իր խօսքը ուղղելով ժողովական Հայրերուն ըսաւ. «իմ նշանաբանը սէրն է և կ'ուզեմ այսպէս
շարունակել ապրիլ և գործել իբրեւ Պատրիարք, գլուխ և մեծ եղբայր, որովհետեւ իմ նկարագրիս
մէջ հայրութիւն չկայ այլ եղբայրութիւն: Եղբայրակից եմ ձեզի, հարկ է որ իրար ճանչնանք
և զիրար սիրենք: Չենք կրնար սիրել անձ մը եթէ լաւ չճանչնանք զինք: 68 տարի առաջ նորընծայարան
մտած եմ, ձեզի պէս դժուարութիւններ և զանազան փորձութիւններ ունեցած եմ, սակայն Աստուծոյ
շնորհքով կրցայ յաղթահարել ամէն բանի»: Այս առթիւ՝ Հոգեւոր Տէրը համառօտ կերպով ներկայացուց
իր քահանայական կեանքի կենսագրականը, ըսելով թէ ուսանողութեան շրջանին երկու տարի Զմմառու
վանք անցուցած է, չորս տարի Ժունիի նորընծայարան ապա Հռոմի Լեւոնեան վարժարան: Իբրեւ
քահանայ ան պաշտօնավարած է 9 տարի Մեսրոպեան վարժարան, 7 տարի որպէս Զմմառու վանքի վարչական,
երեք ամիս որպէս ընդհանուր մատակարար: Ապա 36 տարի Առաջնորդ եղած է Ֆրանսայի Հայ Կաթողիկէ
համայնքին: երկու տարիէ ի վեր հանգստեան կանչուած էր և հիմա Պատրիարք ընտրուած Աստուծոյ
կամօք:
Հոգեւոր Տէրը խօսքը շարունակելով ըսաւ. «Աստուծոյ ողորմութեամբ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ
Հայոց Պատրիարք ընտրուեցայ ծառայելու Աստուծոյ Եկեղեցւոյ և Հայ ժողովուրդին, կը գիտակցիմ
թէ ինչպիսի պարտականութիւն կը կրեմ իմ ուսերուն վրայ այս դժուարին օրերուն: Հետեւաբար
կը խնդրեմ ձեր օժանդակութիւնը և աջակցութիւնը: Մենք պէտք ունինք հոգեւոր վերանորոգումի,
Ս. Հոգիին լոյսերուն դիմելով, որովհետեւ առանց Քրիստոսի և Ս. Հոգիին չենք կրնար յառաջ
երթալ: Վերջին Սիւնհոդոսին որոշեցինք որ երկու շաբաթ հոգեւոր ամփոփում կատարենք Սիւնհոդոսի
ընթացքին, հոգեւոր վերանորոգումի ի խնդիր: Այսպիսով մենք կը համապատասխանենք մեր հաւատացեալներու
հոգեւոր կարիքներուն: Գալով մեր Հայրենիքին, 70 տարի անաստուածութեան մէջ ապրած ժողովուրդը
հոգեւոր սնունդի կարիքը ունի: Հայաստան իմ այցելութեան ընթացքին հաւատացեալ մը օր մը
մօտեցաւ և ըսաւ ինծի. «Դուք իրաւունք չունիք լքելու ձեր ժողովուրդը, որոնք նոյնիսկ վարդարան
գիտեն աղօթել: Ժողովուրդը ձեզ կը սպասէ Հայաստանի կաթողիկէ շրջաններուն մէջ»: Այսօր դժբախտաբար
Եւրոպայի մէջ աւելի անհաւատութիւն կայ քան թէ նախկին Խորհրդային երկիրներուն մէջ, ուր
հաւատքը աւելի զգացական դարձած է: Հոգեւոր Տէրը իր խօսքը փակեց յիշելով Ֆրանչիսկոս Պապին
խօսքը քահանային մասին, թէ քահանան մասնագէտ պէտք է ըլլայ աղօթքի և Աստուծոյ Խօսքին քարոզութեան:
Հոգեւոր Տիրոջ խօսքէն ետք ժողովական Հայրերը քննարկեցին զանազան հարցեր, որոնք կը յուզեն
Հայ Կաթողիկէ ժողովուրդն ու Եկեղեցին: Այնուհետեւ Զմմառու Մայր Տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ
Ճաշու Ժամերգութիւն: Օրուան հանդիպումը փակուեցաւ ագապով դպրեվանքի սեղանատան մէջ:
All the contents on this site are copyrighted ©. |