2015-08-26 09:24:00

Երեւանի Մաշտոցեան Պետական Մատենադարանի աշխատակազմը Զմմառու վանքին մէջ։


27 Նոյեմբեր 2012-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան Վսեմաշուք Պրն. Նախագահի Զմմառու վանք անդրանիկ այցելութեան առիթով, Երեւանի Մաշտոցեան Պետական Մատենադարանի Տնօրէն Տիար Հրաչեայ Թամրազեանի և Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան Ընդհանուր Փոխանորդ Գերպծ. Գաբրիէլ Թ.Ծ.Վ. Մուրատեանի կողմէ Մաշտոցեան Մատենադարանի և Զմմառու վանքի միջեւ ստորագրուեցաւ գործակցութեան համաձայնագիր մը: Այսու՝ կը տեղեկացնենք թէ Հինգշաբթի 20 Օգոստոս 2015-ին, Զմմառու վանքին մէջ սկսաւ Մաշտոցեան Պետական Մատենադարանի աշխատակազմի չցուցակագրուած ձեռագիրներու նկարագրութեան եւ ձեռագրացուցակի պատրաստութեան աշխատանքներու երկրորդ հանգրուանը, գլխաւորութեամբ Մաշտոցեան Մատենադարանի գլխաւոր աւանդապահ՝ Պրն. Գէորգ Տէր Վարդանեանի: Զմմառու վանքի մշակութային հարստութիւնը արժեւորող այս աշխատանքները պիտի երկարին երեք շաբաթ, որոնց ընթացքին Մաշտոցեան Մատենադարանի ձեռագրերու հետազօտական հիմնարկի հինգ մասնագէտները պիտի նուիրուին ձեռագիրներու նկարագրութեան աշխատանքին, առաջնորդութեամբ՝ Մաշտոցեան Մատենադարանի գլխաւոր աւանդապահ՝ Պրն. Գէորգ Տէր-Վարդանեանի, որուն աշխատակազմը կը բաղկանայ չորս անդամներէ. Օրդ. Տաթեւիկ Մանուկեան, Քնար Յարութիւնեան, Յասմիկ Իրիցեան, Նոննա Սարգսեան: Առ այս՝ վանքէն ներս՝ տրամադրուեցան անոնց յատուկ աշխատասենեակ, ինչպէս նաեւ համակարգիչներ








All the contents on this site are copyrighted ©.