2015-08-26 10:31:00

Եունեսքօ Պաալ Շամի Տաճարի քանդումը կը նկատէ զինուորական յանցագործութիւն


ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ ՄԱԿ-ի կրթութեան, գիտութեան եւ մշակոյթի հարցերով զբաղող կազմակերպութիւնը` ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն, սուրիական Փալմիր քաղաքին մէջ հնադարեան Պաալ Շամին տաճարի քանդումը անուանած է մարդկութեան համար մեծ կորուստ, իսկ ՏԱՀԵՇ-ի այդ արարքը` զինուորական յանցագործութիւն:

«Այդ տաճարի քանդումը զինուորական յանցագործութիւն է եւ անասելի մեծ կորուստ Սուրիոյ ժողովուրդին եւ ամբողջ մարդկութեան համար», նշած է կազմակերպութեան ղեկավար Իրինա Պոքովա:

Ան նշած է, որ յանցագործները պէտք է պատասխանատուութիւն կրեն իրենց արարքներուն համար:

Պաալ Շամի տաճարը, որ կառուցուած է ՅՔ Ա. դարուն, ՏԱՀԵՇ-ի զինեալներուն կողմէ պայթեցուած էր կիրակի օր: Փալմիրի մէջ աշխատող հնագէտները Պաալ գերագոյն չաստուածին նուիրուած տաճարը կ’անուանեն քաղաքի ամէնէն թանկ եւ լաւ պահպանուած մասնիկներէն մէկը: Անիկա մասամբ վերականգնուած էր:

Տաճարի քանդումը դատապարտեց նաեւ ՄԱԿ¬ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն:








All the contents on this site are copyrighted ©.