2015-08-25 10:09:00

Ֆրանչիսկոս Պապին 100-րդ հրապարակային ունկնդրութիւնը։


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի` 26 օգոստոս 2015-ին, Պօղոս Զ անուան սրահին մէջ տեղի ունեցող հրապարակային ունկնդրութիւնը պիտի հանդիսանայ Ֆրանչիսկոս Պապին քահանայապետութեան 100-րդ հրապարակային ունկնդրութիւնը։

Քահանայապետական Տան հոգաբարձութեան տուեալներուն համաձայն աւելի քան 3 միլիոն անձեր մասնակցած են հրապարակային ունկնդրութիւններուն։ Քահանայապետական Տան կառավարիչը` գերապայծառ Կէորկ Կէյնզուէյն վերջերս յայտարարած էր թէ  ''Ուխտաւորներու եւ հաւատացեալներու համար ուղղակի հանդիպումը ֆրանչիսկոս Քահանայապետին հետ ուրախութեան եւ հրճուանքի առիթ է, որուն ազդեցութիւնը ցկեանս կը  մնայ։ Այդ հանդիպումին ընթացքին ներկաները կը լսեն Աստուծոյ խօսքը, կ՛ապրին  գեղեցիկ մթնոլորտ մը, կը նշմարեն Քահանայապետին ուրախ մասնակցութիւնը ու բնական շփումները մանուկներու, հիւանդներու ու ծերերու հետ։ Ասիկա մեծ շնորհք մըն է, ասիկա բնատուր մեծ յատկութիւնն է ֆրանչիսկոս Քահանայապետին - ըսած էր Քահանայապետական տան կառավարիչը որ ապա յայտնած էր թէ  ''ողորմութեան տարւոյն'' ընթացքին կը նախատեսուի այլ ընդհանուր ունկնդրութիւն մը, ամիսը անգամ մը, շաբաթ օրով եւ պիտի ունենայ որպէս յատկանիշ ողորմութեան յոբելենական տարին։

Յայտնենք թէ հրապարակային ունկնդրութիւնները կը յատկանշեն Տիեզերական Եկեղեցւոյ Հովիւի հանդիպումը հաւատացեալներուն հետ։ Հրապարակային Ունկնդրութիւններու ընթացքին որոնք տեղի կ՛ունենան ամէն չորեքշաբթի օր,  ընդհանրապէս  կը կատարուին  աւետարանական ընթերցումներ, ապա Քահանայապետը կը ներկայացնէ յատուկ նիւթի մասին խորհրդածութիւն մը, հուսկ զանազան լեզուներով  ուխտաւորներուն ուղղուած ողջոյնի խօսքեր։ Ունկնդրութեան աւարտին Քահանայապետը իր  առաքելական օրհնութիւնը կը շնորհէ բոլոր ներկաներուն։

Յայտնենք թէ վերոնշեալ ունկնդրութիւնները կը կատարուին կամ Սուրբ Պետրոսի հրապարակի տարածքին եւ կամ` ինչպէս օգոստոս ամսուայ ընթացքին, Պօղոս Զ անուան սրահին մէջ։
Անցեալ տարիներուն­, 2013-ի մարտ ամիսէն մինչեւ դեկտեմբեր, 6.623.900 անհատ մասնակցած են Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի գլխաւորած հրապարակային ունկնդրութիւններուն, յատուկ ունկնդրութիւններուն, ծիսական արարողութիւններուն եւ Հրեշտակ Տեառն կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքներուն, մինչ 2014-ին տուեալներու համաձայն մասնակիցներու թիւը  հասած է 5.916,800։








All the contents on this site are copyrighted ©.