2015-08-25 11:21:00

Փերուի մէջ կլիմայական յանձնառութեան երկրորդ շաբաթը


(Ռատիօ Վատիկան) 24-28 օգոստոսին Փերուի պետութեան կողմէ կազմակերպուած է կլիմայական յանձնառութեան երկրորդ Շաբաթը՝ ի պատրաստութիւն Փարիզի մէջ կայանալիք “Կլիմայական փոփոխութիւններու միջազգային համագումարին”։ Օգոստոս 25ին Կարդինալ Փիթըր Քոտվօ Ափփիահ Թուրքսոն՝ նախագահ “Արդարութիւն եւ խաղաղութիւն Քահանայապետական Խորհուրդի” պատգամ մը ուղղեց ներականերուն։ Հանդիպումը կը կատարուի Լիմայի Յիսուսեան Միաբանութեան՝ Ռուիզ Տէ Մոնթոյա անուան Համալսարանին մէջ։

Կարդինալ Թուրքսոն, իր պատգամին մէջ կոչ ուղղեց  նորոգելու բնութեան համակարգի հանդէպ դաստիարակութեան եւ հոգեկանութեան յանձնառութիւնը, որ պիտի նպաստէ մարդու եւ կենսոլորտի միջեւ եղած դաշնութեան, եւ վերջապէս ընթանալու դէպի խորացեալ եւ համապարփակ դարձ մը՝ ի նպաստ բնատնտեսութեան, որ կարող ըլլայ դրսեւորուիլ մարդկային կեանքի զանազան մարզերու, ինչպէս՝ ապրելակերպի, դաստիարակութեան, հաւատքի եւ գիտութեան ու մշակոյթի միջեւ կայացող երկխօսութեան, ազգային քաղաքականութեան եւ միջազգային բանակցութիւններու մէջ։ Արարչութեան հետ խաղաղ ներդաշնակութիւն մը հաստատելը՝ կը պահանջէ կատարել խորհրդածութիւն մեր ապրելակերպի եւ մեր իտէալներուն վրայ, որպէսզի հասկնանք Արարիչը, որ մեր մէջ եւ մեզ շրջապատող արարածներուն մէջ կ’ապրի։








All the contents on this site are copyrighted ©.