2015-08-25 10:01:00

Մտիկ ընենք ճշմարտութեան


Այս օրերուն ճշմարտութեան եւ ճշմարիտ մարդոց  կը կարօտինք: Աշխարհս եւ  մարդը խաւարման մէջ մտնելով՝ ուզեց իր շահերը եւ սուտ վկայութիւններն ու ստեղծագործութիւնները քալեցնել այն մարդոց որոնք իրենց անմեղութեամբ հաւատացին իրենց դժբախտ խաղերուն եւ մտան խաւարին մէջ:

Յիսուս Քաբարնաումի տաճարին մէջ կ'ուսուցանէր միշտ: Մեզի համար առիթ է մտածելու Քրիստոսի խօսքերուն եւ ճշմարտութեան վրայ: Աւետարանը մեզի կը պատմէ թէ ինչպէս հրեաները զարմացած էին թէ ինչպէս Տէրը շաբաթ օրուան մէջ խօսքը առնելով սկսաւ խօսիլ իր ճշմարտութեան վրայ, չէին հաւատար իր իշխանութեան կարողութեան: Կը տեսնենք նաեւ Յիսուսը մարդու մը հետ որ սկսած էր իրեն հետ խօսիլ նորութիւններուն մասին:

Մեր ուշադրութիւնը դնենք Յիսուսի վրայ որ մարդոց նոր հոգի մը դրաւ իրենց մէջ, այն ձեւով որ կը խօսէր, իրենք վարժուած էին ամէն օր տաճար երթալու եւ լսելու ռաբբունապետերը եւ սակայն այսօր յատուկ նորութիւն մը կը գտնեն Յիսուսի անձին եւ ուսուցումներուն մէջ:

Արդեօք մեր առօրեայի ընթացքին, երբ մենք կարդանք կարգ մը գիրքեր կամ լսենք որոշ խօսնակներու ըսուածները, եւ մանաւանդ երբ կարդանք Աւետարանը, չե՞նք զգար տարբերութիւնը Աստուծոյ խօսքերուն եւ միւսներուն ըսածներուն միջեւ: Արդե՞օք չենք տպաւորուիր այն ճշմարտութիւններէն որոնք մեզի կը հիացնեն եւ մեծ ազդեցութիւն կը ձգեն մեր սրտերուն մէջ:

Յիսուսը միակ Տէրն է որ ունի իսկական ճշմարտութիւնը եւ որ մեր սրտին կը դպչի: բնազդաբար կը զգանք թէ Յիսուս միակն է որ կրնայ մեր կարեւորագոյն հարցումներուն պատասխանները տալու:

Դիտենք նոյն այն մարդը որ սատանան իր մէջ մտած էր եւ որ կը պոռար զօրաւոր ձեւով. «Դուն եկած ես մեզ կորսնցնելու համար»: Իր արարքով Յիսուսի ճշմարտութիւն-ները ժողովուրդին առջեւ դրաւ առանց վարանելու: Սատանան Աստուծոյ թշնամին է, ամէն ինչ կ'ընէ որ մենք որպէս Աստուծոյ ժողովուրդ մեկուսանանք եւ Յիսուսէն հեռանանք: Յաճախ թշնամին մեզի կ'երեւի որպէս բարի անձ մը. այսպէսով, մեզ կը դնէ մեղքին մէջ, մեր ուշադրութիւնը դնելով աշխարհիս վայելչական բաներուն մէջ, թակարդին մէջ կը դնէ մեզի, եւ սակայն պէտք ենք զգալ իր խաղը: Յիսուսի նման, մենք ալ ըսենք «Լռութիւն». սատանային հետ խօսակցելով կը նշանակէ թէ կը հռչակենք իր յաղթանակը:

Ճանչնաք Քրիստոսը որ կարող է մեր սրտին ծարաւը յագեցնել, աղօթենք իրեն որ չձգէ մեզի իրեն հետ, մտիկ ընելով իր ձայնին որովհետեւ ճշմարտութիւնը մի միայն Տիրոջ մօտ կը գտնուի: Շատերը իրենց վայելուչ տեսքով կը փնտռեն մեզ պարզապէս խաբելու համար եւ իսկական ճշմարտութենէն հեռացնելու համար:

Թող այսօրուայ մտածականը ըլլայ մեր սրտին պատրաստակամ մնալու որպէս զի մեծ ուշադրութեամբ հետեւինք պատարագի աղօթքներուն  եւ Սուրբ Աւետարանի խօսքերուն: Ամէն:

 

Հայր Գէորգ Ծ. Վրդ. Ասատուրեան

 








All the contents on this site are copyrighted ©.