2015-08-25 10:14:00

100 տարիներ յետոյ Սիսի կաթողիկոսարանի փլատակներուն մէջ կը հնչէ հայրապետական պատգամ


Արամ Ա. Կաթողիոկոսին թելադրութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբանութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, շաբաթ, 22 օգոստոս 2015-ին այցելեց Սիսի կաթողիկոսարանը, ուր տեղի ունեցաւ հոգեհանգիստ` 1293-էն Հայոց կաթողիկոսութեան Սիս հաստատուելէն մինչեւ 1915 Սիսի մէջ գահակալած երջանկայիշատակ հայրապետներուն հոգիներուն համար:

Ապա, կարդացուեցաւ վեհափառ հայրապետին պատգամը: Արդարեւ, 100 տարիներ յետոյ Սիսի կաթողիկոսարանի փլատակներուն մէջ առաջին անգամ կը հնչէր հայրապետական պատգամ` ուղղուած մեր ժողովուրդին:

Իր հայրապետական պատգամին մէջ վեհափառ հայրապետը անդրադառնալէ ետք Հայոց ցեղասպանութեան եւ սրտաճմլիկ պայմաններու մէջ իր ժողովուրդին հետ Սահակ կաթողիկոսի աքսորին, յիշեց իր ժողովուրդի իրաւունքները պահանջելու ծերունազարդ հայրապետին արի կեցուածքը եւ ամբողջական ու անկախ Հայաստանի իր մարգարէատեսիլ բառերը: Ապա, Արամ Ա. կաթողիկոս վերահաստատեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան յանձնառութիւնը` իբրեւ պահանջատէր Սիսի Կաթողիկոսարանին եւ հայ ժողովուրդի արդար իրաւունքներուն:








All the contents on this site are copyrighted ©.