2015-08-24 10:23:00

ֆրանչիսկոս Քահանայապետին հեռագիրը Վալտեզ եկեղեցւոյ սիւնհոդոսին առթիւ։


(Ռատիօ Վատիկան) Վատիկանի պետական քարտուղարը` կարդինալ Փարոլին, յանուն ֆրանչիսկոս Քահանայապետին, հեռագիր մը յղած է ''Վալտեզ'' եկեղեցւոյ սիւնհոդոսին մասնակցողներուն։

Հեռագիրին մէջ կարդինալը յայտնած է ֆրանչիսկոս Քահանայապետի սիրալիր ու եղբայրական ողջոյնը  ի նշան հոգեւոր մօտիկութեան։

Նորին Սրբութիւնը իր աղօթքը կը բարձրացնէ, որպէսզի Տէրը  բոլոր քրիստոնեաներուն շնորհէ  պարգեւը անկեղծ սրտով ընթանալու դէպի կատարեալ միութիւնը վկայութիւն տալու համար Յիսուս Քրիստոսի ու անոր Աւետարանին, համագործակցելով մարդկութեան բարիքին ի սպաս եւ ի մասնաւորի մարդկային անձին արժանաւորութեան պաշտպանութեան  խնդիր ու արդարութեան եւ խաղաղութեան հաստատումին։ Կարդինալ Փարոլին հուսկ հեռագիրը եզրափակեց Նորին Սրբութեան այն իղձով միացեալ պատասխան մը տալու այն տառապանգներուն որուն զոհ են բազմաթիւ մարդիկ, յատկապէս աղքատներն ու տկարները։








All the contents on this site are copyrighted ©.