2015-08-24 09:39:00

Ըստ Գերմանիոյ ներքին գործոց նախարարին. Շենկենեան համաձայնագիրը վտանգի տակ է։


Գերմանիոյ ներքին գործոց նախարար Թոմա տէ Մայցիրէ «Պի.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին  յայտնած է, որ Շենկենի համաձայնագիրը վտանգուած է:

Ըստ Գերմանիոյ ներքին գործոց նախարարին, վտանգ կը ներկայացնեն այն երկիրները, որոնք չեն հետեւիր գաղթի կանոններուն եւ կը հրաժարին ապաստան տրամադրելու վերաբերեալ դիմումներու քննարկման պատասխանատուութենէն:

«Եթէ ոչ մէկը կը հետեւի կանոններուն, ուրեմն Շենկենը վտանգի տակ է, այդ իսկ պատճառով մեզի շատ արագ անհրաժեշտ են ընդհանուր որոշումներ», ըսած է ան:

Միեւնոյն ժամանակ, գերմանացի նախարարը յոյս յայտնած է, որ Շենկենեան համաձայնագիրը չեղեալ չյայտարարուի:

«Յոյսով եմ, որ ոչ: Մենք կ՛աջակցինք Շենկենին: Գերմանիան կը գտնուի Եւրոպայի կեդրոնը, եւ Շենկենի գօտիի ստեղծումը մեծ ձեռքբերում է: Սակայն այժմ պէտք են համընդհանուր որոշումներ, որ Շենկենը մնայ», ըսած է ան:

Շենկենի համաձայնագիրով կը վերցուի Եւրոպական Միութեան շարք մը երկիրներուն միջեւ անձնագրային եւ մաքսային հսկողութիւնը:








All the contents on this site are copyrighted ©.