2015-08-24 11:36:00

Եունան Պատրիարքը այցելեց Արամ Ա. Կաթողիկոսին։


Շաբաթ, 22 օգոստոս 2015-ի առաւօտուն, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքին մէջ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին այցելեց Անտիոքի ասորի կաթողիկէ հոգեւոր պետ Իգնատիոս Եուսեֆ Գ. Եունան պատրիարքը: Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան Միջին Արեւելքի կացութեան, քրիստոնեայ համայնքներու դիմագրաւած դժուարութիւններուն եւ Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդին հետ առնչուած մտահոգութիւններ ու ծրագիրներ:

Եունան պատրիարքը լայն տեղեկութիւններ փոխանցեց վեհափառ հայրապետին Սուրիոյ մէջ օր մը առաջ իսլամական ծայրայեղականներու կողմէ իրենց եկեղեցւոյ պատկանող վանքին դէմ կատարուած յարձակումին եւ եղած քանդումներուն մասին:

Վեհափառ հայրապետը դատապարտեց ծայրայեղ տարրերուն կողմէ եղած բոլոր տեսակի վայրագութիւնները եւ շեշտեց քրիստոնեայ-իսլամ համակեցութիւնը ամրապնդելու հրամայականը: Արամ Ա. կաթողիկոս ընդգծեց իսլամ կրօնական թէ քաղաքական պատասխանատուներուն դերակատարութեան կարեւորութիւնը:

Հանդիպման աւարտին Եունան պատրիարքը Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով իր յարգանքը եւ զօրակցութիւնը արտայայտեց հայ ժողովուրդին նկատմամբ: Ապա ան շրջեցաւ Ս. Աստուածածին Վանքին մէջ եւ մօտէն ծանօթացաւ այնտեղ կատարուած շինարարութիւններուն ու բարեզարդումներուն:








All the contents on this site are copyrighted ©.