2015-08-24 13:34:00

Եկեղեցիներու Համաշխարհային խորհուրդը կոչ կ՛ուղղէ Վանքերու կործանումի դէմ։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Մար Էլիաս վանքի կործանումը ''Իսլամական Պետութեան'' ծայրայեղութեան յաւելեալ դրսեւորումն է որուն նպատակն է ոչ միայն վերացնել փոքրամասնութիւնները այլեւ անոնց աւանդութեան ու ներկայութեան բոլոր  նշանները, ինչպէս նաեւ անոնց տարածաշրջանի պատմութեան եւ մշակոյթին զարգացումին ի նպաստ տուած սատարը'' յայտարարած է  Եկեղեցիներու Համաշխարհային խորհուրդի նախագահ Վերապատուելի Օլավ Ֆիսք Թուէյթը որ ապա կոչ ուղղած է միջազգային հասարակութեան անյապաղ միջամտութեան`  աջակցելու համար Սուրիոյ մէջ իսկական խաղաղութեան գործընթացին եւ կասեցնելու ժողովուրդներն ու մշակոյթները հարուածող ողբերգութիւնները''։

''Իսլամ Պետութիւնը պատերազմ կը մղէ ոչ միայն քրիստոնեաներուն դէմ այլ բոլոր այն անձերուն դէմ որոնք մաս չեն կազմեր այդ ծայրայեղ տեսութեան'' ընդգծած է ապա վերապատուելի Թուէյթը կոչ ուղղելով միջազգային հասարակութեան` գտնելու քաղաքական կամք ու միջոց, ի պաշտպանութիւն Սուրիոյ եւ Իրաքի հոգեւոր ու մշակութային ժառանգութեան։

''Տարածաշրջանի ապագան կախեալ է բազմազանութենէն'' յայտնած է ապա Եկեղեցիներու Համաշխարհային խորհուրդի նախագահը հաստատելով թէ ժամը հասած է կասեցնելու ծրագիրը որ կ՛ուզէ կրօնական փոքրամասնութիւններն ու քրիստոնեաները անհետացնել անոնց օրրանը հանդիսացող սուրբ վայրերէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.