2015-08-23 13:07:00

Ֆրանչիսկոս Պապին կոչը Ուկրանիոյ համար։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի` 23 օգոստոս 2015-ին, Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ արտասանած  Մարեմեան աղօթքի ընթացքին Նորին Սրբութիւնը կոչ ուղղեց Ուկրանիոյ մէջ տիրող լարուած կացութեան ի տես որուն մէջ ըսաւ. ՙՙՄեծ մտահոգութեամբ կը հետեւիմ Արեւելեան Ուկրանիոյ մէջ տեղի ունեցող հակամարտութիւններուն ու կը նորոգեմ սրտաբուխ կոչս որպէսզի հաշտութեան ի սպաս  առնուած որոշումները յարգուին եւ բարի կամք ունեցող մարդոց ու կազմակերպութիւններուն օժանդակութեամբ օգնութիւն մատուցուի երկրի մարդկայնական տագնապին։

Տէրը խաղաղութիւն պարգեւէ սիրեցեալ Ուկրանիոյ որ վաղը պիտի տօնախմբէ ազգային տօնը։ Սուրբ կոյս Մարիամը բարեխօսէ մեզի համար։՚՚ Ըսաւ ֆրանչիսկոս Պապը Ուկրանիոյ համար յղած իր կոչին մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.