2015-08-22 09:18:00

Կարդինալ Թոռան՝ պատերազմները կրօնքներէն չեն գար, այլ՝ քաղաքականութիւններէ


(Ռատիօ Վատիկան) Ռիմինի Քաղաքին մէջ կայացած հանդիպումին Կարդինալ Ժան-Լուի Թոռան, Նախագահ Միջկրօնական Երկխօսութեան Քահանայապետական Խորհուրդին, կրօնքները անուանած է խնդիրներու “լուծման մաս եւ ոչ խնդրայարոյց”։

Այսօր հակամարտութիւն մը կայ, կ’ըսէ Կարդինալ Թոռան, որ կը կարծուի կրօնական բնոյթ ունենալ։ Սակայն բոլոր հակամարտութիւնները, որոնք կը կատարենք, քաղաքական պատճառներ ունին։ Իսկ երբ կը նայինք այսօրուան աշխարհին, չենք կրնար զայն հասկնալ առանց կրօնքի։ Դար մը առաջ մեզի ըսուեցաւ՝ թէ “Աստուած մեռած է”, սակայն կը տեսնենք թէ Ան չէ մեռած, որովհետեւ ներկայ է ուժեղ կերպով։ Հետեւաբար, այս հակասութիւնը մեզ կը մղէ երկխօսութիւն կատարելու, որովհետեւ Աստուած այսօրուան մարդու կեանքին մաս կը կազմէ։ Մարդը կրօնական “կենդանի” մըն է”։

“Ինչու՞ սակայն կրօնքները այդքան ներկայ են հակամարտութիւններու մէջ”, հարց տուած է թղթակիցը։

Կարդինալ Թոռան կը հաստատէ՝ “Նախ եւ առաջ կրօնքները չեն, որ ներկայ են, այլ կրօնքներու հետեւորդները, որոնք այր մարդիկ եւ կիներ են, դրոշմուած սկզբնական մեղքով։ Գիտենք հետեւաբար, թէ բռնութիւնը մինչեւ աշխարհի վերջը գոյութիւն պիտի ունենայ։ Պէտք է, հետեւաբար, կարող ըլլանք հսկողութեան տակ պահել այս բռնութիւնը։ Չարին կարելի է յաղթել՝ բարիով։

Աշխարհայնացած պետութիւնները սխալ կ’ընեն կրօնական ինքնութիւնը սահմաններու մէջ դնելով, խուսափելու համար հակամարտութիւններէ։ Որովհետեւ միջկրօնական երկխօսութեան մէջ առաջին բանը, որուն վրայ կը կենդրոնանանք՝ ինքնութիւնն է՝ այսինքն գիտնալ թէ ո´վ եմ, ինչի´ կը հաւատամ, ի´նչ են այն հիմնական արժէքները, որոնք իմ կեանքս կ’առաջնորդեն։ Չկայ միջկրօնական երկխօսութիւն, որ երկդիմութեան վրայ հիմնուած ըլլայ։ Մենք պէտք է մեր հաւատքի բովանդակութեան գաղափար մը ունենանք։

Ճիշտ է, որ “կրօնք եւ ժողովրդավարութիւն” ստէպ երկխօսութեան դժուարին նիւթ մըն է։ Մարդ արարածը ազատ է, եւ շատ անգամ չարը կ’իշխէ բարիին վրայ։ Պէտք է այնպէս ընենք, որ օրէնքի ոյժը գերիշխէ բռնութեան օրէնքին վրայ։

Իսլամական ծայրայեղականութիւնը նախ եւ առաջ իսկական իսլամական չէ։ Խեղաթիւրում մըն է։ Այստեղ խօսքը յետամնաց խմբակցութիւններու մասին է, որոնք կը վայելեն որոշ մասերու աջակցութիւնը, որոնք ժողովրդավարութեան համակիր չեն։

Որոշ պարագաներու ճիշտ է, որ կրօնքի եւ ոյժի միջեւ եղած դաշնութիւնը պատճառ կը դառնայ խաղաղութեան բացակայութեան։ Սակայն կրօնքները եւ հաւատացեալները բարիին ոյժն են։ Միշտ կաեւոր է, որ հաղորդակցութեան միջոցները շեշտեն աւելի այս դրական երեւոյթին վրայ։ Զոր օրինակ Պաղտատի մէջ ապրող իսլամ ընտանիք մը, որ երկու տարիէ ի վեր քրիստոնեայ ընտանիք մը կը հիւրընկալէ։ Այս շատ գեղեցիկ պարագայ մըն է։ Եւ կամ Դոմինիկեան Հայրերը, որոնք երկու տարի առաջ Պաղտատի մէջ հիմնած են Ընկերային Գիտութիւններու Կաճառը, ուր աւելի քան հազար ուսանողներ կը յաճախեն, գրեթէ բոլորը իսլամներ։ Ասոնք բոլորը գեղեցիկ պարագաներ են, որոնք խաւարի մէջ լոյս մը կը բերեն. ասոնց մասին պէտք է խօսինք”։








All the contents on this site are copyrighted ©.