2015-08-22 09:48:00

Զուիցերիոյ Եպիսկոպոսներու կոչը համաշխարհային միսիոնարականութեան օրուայ առթիւ


(Ռատիօ Վատիկան)՝՝Քրիստոսի սիրահարուած՝ յանձառու կ’ըլլանք՝՝. այս կարգախօսով, Զուիցերիոյ Եպիսկոպոսաց համահաւաք դասը հրաւէր ուղղեց հաւատացեալներուն՝ վեհանձնութեամբ մասնակցելու յառաջիկայ 18 հոկտեմբեր 2015-ին կայանալիք Միսիոնարականութեան համաշխարհային կիրակի օրուայ ձեռնարկին։

Զուիցերիոյ եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի նախագահ՝ գերապայծառ Մարքուս Պիւխէլ, հաղորդագրութեամբ նշած է, թէ սոյն ձեռնարկի իրականացումը կը բարգաւաճէ եկեղեցւոյ հետ հաղորդութեան սերտ կապը, եւ յիշեցնել կու տայ Վատիկանեան Բ Տիեզերական ժողովի “Ժողովուրդներու” փաստաթուղթին մէջ գրուած հատուածը, որ կը հայի Եկեղեցւոյ միսիոնարական գործունէութեան՝ “Եկեղեցին, երկրի վրայ կատարած ուխտագնացութեան ընթացքին՝ բնութեամբ միսիոնարական է”։

Հաղորդագրութեան մէջ գերապայծառ Մարքուս գրած է նաեւ, թէ համաշխարհային միսիոնարական կիրակի օրը ձեռքբերուած նպաստները պիտի սատարեն աշխարհի վրայ տարածուած շուրջ 1109 թեմերու կարքիներուն եւ Ֆինանսաւորեն հովուական եւ ընկերային ծրագիրները։

Նշենք թէ միսիոնարական դրամահաւաքի ծրագիրը կը կատարուի Զուիցերիական Միսսիօ Քահանայապետական Ողորմութեան գործունէութեան կազմակերպութեան հովանաւորութեամբ, որ քաջ ծանօթ է աշխարհի բոլոր կարիքաւոր թեմերու պահանջքներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.