2015-08-22 09:32:00

«Փոքր ձեռքերն ու ծանր բեռը». Սուրիոյ փոքրիկները կը կորսնցնեն իրենց մանկութիւնը…


Սուրիոյ փոքրիկները շատ սուղ կը վճարեն չդադրող պատերազմի համար։ Այս մասին կը նշուի UNICEF-ի եւ Save the chidren-ի կողմէն պատրաստուած եւ վերջերս հրապարակուած «Փոքր ձեռքերն ու ծանր բեռը»  զեկոյցին մէջ: Զեկոյցի ուսումնասիրութեան հիմնական թեման` հակամարտութեան պայմաններու մէջ փոքրիկներու աշխատանքային շահագործումն է, որուն հետեւանքով անոնք կը կորսնցնեն կրթութիւն ստանալու իրաւունքը, կը վնասեն իրենց առողջութիւնը  եւ կը զրկուին աւելի լաւ կեանքի հեռանկարէ…

Ըստ womennet.am՝ մինչեւ աղէտալի ճգնաժամի եւ զինուած հակամարտութեան մէջ յայտնուիլը, Սուրիան միջին եկամուտ ունեցող երկիր էր, որ ի վիճակին էր իր ժողովուրդի համար  արժանապատիւ կեանք ապահովել: Գրեթէ բոլոր փոքրիկները դպրոց կ՝երթային եւ գրագիտութեան մակարդակը 90%-էն բարձր էր:

Չորսուկէս տարի ճգնաժամի մէջ ըլլալու հետեւանքով՝ այսօր 5 սուրիացիներէն 4-ը կ՝ապրի աղքատութեան մէջ եւ 7.6 միլիոն մարդ տեղահանուած է:

2014-ի տարեվերջի տուեալներով, գործազրկութեան մակարդակը գրեթէ քառապատկուած է` հասնելով 57,7%-ի: Հարեւան երկիրները նոյնպէս կը տառապին տարածաշրջանային ճգնաժամէն` փորձելով յաղթահարել 4 միլիոն փախստականներու ներհոսքը, որոնցմէ  մօտաւորապէս կէսը երեխաներ են:

Ճգնաժամը խորապէս ազդած է փոքրերու կեանքին վրայ: Սուրիոյ մէջ փոքրերը կ՝ենթարկուին աննդհատ աճող բռնութեան, անխնայ յարձակումներու, որոնց հետեւանքով կ՝ունենան տարբեր բնոյթի խնդիրներ: Շատերը ստիպուած եղած են զէնք վերցնել: Շատերը կորսնցուցած են իրենց հարազատներուն եւ լքած  են իրենց տուներն ու համայնքները, երբեմն` քանի մը անգամ: Սուրիոյ փոքրիկները շատ սուղ կը վճարեն անոր համար, որ աշխարհը չի յաջողիր վերջ տալ հակամարտութեան:

Սուրիոյ մինչպատերազմական կեանքին մէջ ալ եղած են փոքրերու աշխատանքի մասին որոշ փաստեր, բայց մարդասիրական ճգնաժամը մեծապէս սրած է այդ խնդիրը: Հակամարտութեան հետեւանքով  շատ փոքրիկներ այժմ ներգրաւուած են տնտեսական այնպիսի գործունէութեան մէջ, որ մտաւոր, ֆիզիքական եւ հասարակական շատ վտանգներ ունի եւ որ կը սահմանափակէ կամ ալ կը խախտէ անոնց կրթութեան հիմնարար իրաւունքը: Առկայ են նաեւ փոքրիկներու իրաւունքներու խախտման առաւել ծայրայեղ դրսեւորումներ, ինչպէս` փոքրերուն հաւաքագրումը զինուած ուժերու կամ խումբերու կողմէն ու փոքրերու սեռական շահագործումը:

Սուրիոյ ճգնաժամը զգալիօրէն նուազեցուց ապրուստի միջոցներ հայթայթելու հնարաւորութիւնները եւ աղքատացուց միլիոնաւոր տնային տնտեսութիւններ տարածաշրջանին մէջ: Թէ՛ Սուրիոյ, թէ՛ հարեւան երկիրներու մէջ, փոքրիկները յաճախ հիմնական, երբեմն ալ նոյնիսկ միակ աշխատողներն են ընտանիքի մէջ: Յորդանանի մէջ տնային տնտեսութիւններու 47% կ՝ըսեն, որ անոնք մասամբ կամ ամբողջութեամբ կ՝ապաւինին փոքրիկի ունեցած եկամուտին:

2,7 միլիոն սուրիացի փոքրիկներ դուրս մնացած են դպրոցէն, քանի որ  ստիպուած են աշխատիլ: Որակեալ կրթութիւն ստանալու սահմանափակ հասանելիութիւնը այս փոքրիկներու խնդիրին մէկ մասն է, աշխատող փոքրիկները, աւելի հաւանական է, որ դուրս կը մնան դպրոցէն:

Ընտանիքներու յուսահատութեան հասնող տնտեսական իրավիճակին հետ մէկտեղ կը վատթարանան նաեւ այն աշխատապայմանները, որոնց մէջ կ՝աշխատին փոքրիկները: Յորդանանի մէջ, օրինակ, հիւրընկալ համայնքներու մէջ աշխատող փոքրիկներու մեծամասնութիւնը կ՝աշխատի շաբաթը վեց կամ եօթը օր` մէկ երրորդ անգամ աւելի, քան օրական ութ ժամը: Անոնց օրական եկամուտը 4-7 տոլար է: Փոքրիկները կը սկսին աշխատիլ շատ երիտասարդ տարիքին, նոյնիսկ մինչեւ 12 տարեկան: Լիբանանի որոշ մասեր փոքրիկները աշխատանքի կ՝անցնին 6 տարեկանէն:

Վնասակար աշխատանքը անդառնալի հետեւանքներ կը ձգէ փոքրիկներու առողջութեան վրայ: Յորդանանի փախստականներու Զաաթարի ճամբարին մէջ աշխատող փոքրիկներու 75% առողջական խնդիրներ ունին, մօտ 40 %՝ վնասուածք կամ հիւանդութիւն։ Լիբանանի Պեքաա շրջանին մէջ աշխատող փոքրիկներու 35,8 % գրել կամ կարդալ չեն գիտեր: Վնասակար աշխատանքի մէջ ներգրաւուած աղջիկներն ու տղաները կը կորսնցնեն իրենց մանկութիւնը:








All the contents on this site are copyrighted ©.