2015-08-21 11:41:00

Պանկքոքի մէջ միջ-կրօնական աղօթք ազգային միասնականութեան ի խնդիր


(Ռատիօ Վատիկան) Թայլանտի կրօնապետերը, շաբաթ, 21 օգոստոսին, Պանկքոկի Հինտուիստներու Էրավան Տաճարին մէջ միատեղ կը հաւաքուին՝ միջ-կրօնական աղօթք կատարելու՝ 17 օգոստոսին, նոյն վայրին մէջ ահաբեկչական գործողութեան թիրախ դարձած 22 մեռեալներու եւ 126 վիրաւորներու դիտաւորութեան։

Ֆիտէս լրատուական գործակալութեան համաձայն, միջ-կրօնական աղօթքին ներկայ կը գտնուին Պուտտիսդ, Իսլամ, Հինտու եւ Քրիստոնեայ համայնքներու կրօնապետերը։

Կաթողիկէ Եպիսկոպոսաց համահաւաքը դասը, ներկայ կը գտնուի սոյն ձեռնարկին, ուղարկելով յատուկ ներկայացուցիչ մը։ Այս առթիւ պատրաստուած հակիրճ պատգամին մը մէջ, Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ եպիսկոպոսներու համահաւաք դասը ցուցաբերած է իր մօտիկութիւնը զոհերու ընտանեկան պարագաներուն, ինչպէս նաեւ վիրաւորներուն նկատամամբ։ Ապա խստիւ դատապարտելով ամէն տեսակի ահաբեկչական գործողութիւնները, հրաւէր ուղղած է Թայլանտի ժողովուրդի ազգային միասնականութեան՝ կերտելու համար խաղաղ եւ համերաշխ ապագայ մը։

Թայլանտի Կաթողիկէ եկեղեցին, Պանկքոքի մէջ պատահած ահաբեկչական անմարդկային գործողութեան ի տես, ապահովցուցած է իր աղօթքը անմեղ զոհերու եւ անոնց ընտանեկան պարագաներուն համար, ինչպէս նաեւ իր լիուլի աջակցութիւնը բոլոր ազգին, քաջալերելով զայն՝ ցաւի եւ սարսափի պահուն։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.