2015-08-21 12:53:00

Գաղթականութեան հարցը “Եւրոպան շատ աշխատանք չէ կատարած” կ’ըսէ Կարդինալ Վելիօ


(Ռատիօ Վատիկան)“Չիյնանք անտարբերութեան մէջ, որ կը խոնարհեցնէ. սովորութականութեան մը մէջ, որ կը զգայազերծէ լկտիութեան մէջ, որ կը քանդէ։ Բանանք մեր աչքերը դիտելու աշխարհի թշուառութիւնները։” Ֆրանչիսկոս Պապ այս խօսքերով կը յորդորէր Յոբելինական Ողորմութեան Սուրբ Տարւոյն համար հրապարակած կոնդակին մէջ։ Գաղթականութեան հարցը ճգնաժամային դարձած է Եւրոպայի համար։ Եկեղեցի, միջազգային կազմակերպութիւններ եւ առանձին պետութիւններ պարտականութիւններ եւ պատասխանատուութիւններ ունին ի տես համայն մարդկութեան հայոց այս թշուռութեան։ Կարդինալ Անթոնիօ Մարիա Վելիօ՝ նախագահ Գաղթականներու եւ Թափառականներու Հովուականի Քահանայապետական Խորհուրդի, հարցազրոյցի մը ընթացքին անդրադարձած է գաղթականութեան, անոր պատճառներուն եւ այս խնդիրներու առընչութեամբ եկեղեցւոյ ու պետութիւններու պատասխանատուութիւններուն։ Ծիրանաւորը թղթակիցին տուած պատասխաններուն մէջ կ’ըսէ՝ “Մարդու պակասութիւններէն մէկն է՝ վարժուիլ ամէն ինչի, նաեւ ամենէն ողբերգական բաներուն, ինչպէս է գաղթականներու խնդրի պարագան։ Այս կեցուածքը վտանգ մըն է. սակայն մենք այդ վտանգը պէտք չէ ընդունինք. պէտք է միշտ յիշենք եւ նորոգենք մեր պարտականութիւնը։ Բան մըն է որ մեզ պէտք է հարցապնդէ։

Բնական է վախ ունենալ ի տես այս խնդիրներուն։ Ես անոնցմէ չեմ, որոնք կը մտածեն՝ թէ ամէն ինչ լաւ պիտի ըլլայ, թէ բոլոր գաղթականները պէտք ընդունինք։ Գաղթականութիւնը ոչ միայն Իտալիոյ համար, այլ իւրաքանչիւր ազգի համար շօշափելի հարց մըն է։ Մարդկային բնութեան համար բնական է, որ իւրաքանչիւրը ապրի իր կեանքը, ապրի իր ոսկեայ դղեակին մէջ. եւ երբ գաղթականները հասնին, անոնք մեզ կը պայմանաւորեն, մեզմէ կը կորզեն ազատութիւնը, մեզի մտածել կու տան այն բոլոր դժուարութիւններուն մասին, որոնք կրնանք ունենալ համակեցութեան պարագային։ Սակայն կարելի չէ պատնէշներ կառուցել – բան մը, որ մեզմէ իւրաքանչիւրը պիտի փափաքէր ընել։ Սակայն այս Եկեղեցւոյ ուզածը չէ։ Ծայրահեղ հետեւանքներու դիմելը երբեք լաւ չ’ընթանար։

Պատնէշներ կառուցելը մեծ խնդիր մըն է։ Ինքզինք պաշտպանելու համար՝ անհատ մը կրնայ անցնիլ ծայրայեղ անտրամաբանական հակառակութեան, ինչպէս՝ խափանել բոլորը, ետ ուղարկել բոլորը, խորտակել միջազգային դաշինքներ՝ պաշտպանելու համար իւրայատուկ ազգային ինքնութիւնը։ Իսկ ի՞նչ է Եկեղեցւոյ պատասխանը – Եկեղեցին մեզի կ’օգնէ չմոռնալ Յիսուս, որ ներկայ է փոքրագոյններուն մէջ, տառապողներուն մէջ, վերջապէս անոնց մէջ, որոնք ամենէն աւելի ուրիշներու կարիքն ունին։ Եկեղեցին՝ ըլլալով Յիսուսի աշակերտ, կոչուած է ազատելու, աւետարանելու ազատութիւն անոնց, որոնք արդի ընկերութեան ստրկութեան բանտուծներն են։

Եկեղեցին կոչ կ’ուղղէ միջազգային կազմակերպութիւններուն եւ ինքն իրեն, տեսնելու՝ թէ ինչ կարելի է ընել։ Երբեմն այն տպաւորութիւնը ունինք՝ թէ պէտք է վազել այն ժամուն, երբ ճգնաժամ կայ, առանց պատրաստ ծրագիր մը ունենալու։ Այս երեւոյթ մըն է, որ յառաջ կու գայ Կատտաֆիի ժամանակէն։ Կը յիշեմ, թէ ան կը սպառնար Եւրոպայի վրայ “նետել” առնուազն երկու միլիոն գաղթականներ, եթէ իրեն տնտեսական օգնութիւն չմատուցուէր։ Սակայն Եւրոպան շատ բան չըրաւ։ Ներկայիս կը տեսնենք այդ խնդիրը իրականացած, զայն կ’ապրինք։ Արդ, պէտք է քաղաքականութիւն մը որդեգրել։ Չէ կարելի ըսել՝ “բոլորը պիտի ընդունինք”, սակայն ոչ ալ կարելի է ըսել՝ “բոլորն ալ դուրս դնենք”։ Դիւրին չէ, սակայն պէտք է որ Եւրոպան ուսումնասիրէ՝ թէ ինչպէս պէտք յաղթահարէ այս երեւոյթի պատճառները։ Հիմա ան գիտէ, կը սորվեցնէ, թէ ինչ են այս երեւոյթներու պատճառները – աղքատ երկիրներուն մէջ՝ աղքատութիւնը. իսկ գաղթականներու եւ փախստականներու պատճառը՝ պատերազմն է։ Պատերազմները կը կատարուին զէնքերով։ Ինչու՞ արդեօք երբէք չենք մտածած, թէ լաւ պիտի ըլլար նաեւ հսկողութիւն զինավաճառքի վրայ։ Մենք կը բողոքենք, երբ գաղթականները կը հասնին մեր սահմանները. սակայն ովքե՞ր են զէնք վաճառողները։ Սովորաբար հարուստ երկիրներն են։

Եկեղեցին պէտք է վկայ ըլլայ այս բոլորին մէջ, պէտք է ընէ այն ինչ որ կրնայ. սակայն առնուազն պէտք է ստեղծէ խիղճ մը՝ երբեք հանգիստ չմնալու ի տես այս երեւոյթներուն”։








All the contents on this site are copyrighted ©.