2015-08-20 11:39:00

Ֆրանչիսկոս Պապի պատգամը “Հաղորդութիւն եւ Ազատութիւն” շարժումի 36րդ հաւաքի առթիւ


(Ռատիօ Վատիկան) Վատիկանի Պետական Քարտուղար, Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի անունով պատգամը մը յղած է Ռիմինի Քաղաքի մէջ 20-26  օգոստոս 2015-ին,  տեղի ունեցող “Հաղորդութիւն եւ Ազատութիւն” շարժումի կազմակերպած միջազգային 36րդ “ժողովուրդներու բարեկամութեան հանդիպումի” մասնակիցներուն։

Այս հանդիպումիn բնաբանն է Մարիօ Լուցի բանաստեղծէն առնուած տող մը՝ “Ի՞նչով է պակաս այս դատարկութիւնը, ով սիրտ, որ յանկարծ անով կը լեցուիս”։

Կարդինալ Փարոլին, Ռիմինի քաղաքի Եպիսկոպոս Ֆրանչիսկոս Լամպիազիի գրած իր պատգամին մէջ կը գրէ՝ “այս տարուան հանդիպումին իբր նիւթ առնուած Մարիօ Լուցի բանաստեղծի խօսքը, շեշտը կը դնէ “սրտին” վրայ, որ մեզմէ իւրաքանչիւրին սիրտն է, եւ որ Սուրբ Օգոստինոս կը նկարագրէ իբր “անհանգիստ սիրտ”, որ երբեք չի բաւարարուիր եւ կը փնտռէ բան մը որ իր բարձրութեան հաւասարի։ Փնտռտուք մը, որ կ’արտայայտուի կեանքի եւ մահուան, սիրոյ եւ աշխատանքի, արդարութեան եւ երջանկութեան շուրջ կատարուած հարցադրումներով։

Սակայն՝ պատասխանը գտնելու արժանի հանդիսանալու համար, պէտք է լրջօրէն նկատի առնել անձնական մարդկայնութիւնը, միշտ մշակելով յիշեալ առողջ «անհանգստութիւնը»։

Ի տես բազմաթիւ մասնակի պատասխաններու, որոնք կը հրամցնեն միայն «սխալ անսահմանութիւններ», ինչպէս կʼըսէ Բենեդիկտոս ԺԶ. Քահանայապետ, եւ կը պատճառեն օտարոտի զգայազերծում մը, այստեղ յարուցանուած կը տեսնենք ներկայ աշխարհի մեծագոյն հարցերէն մին՝ թէ ինչպէ՞ս ձայն շնորհել այն հարցադրումներուն, որոնք բոլորը կը կրեն իրենց սրտերուն մէջ։ Ի տես կեանքի թմրութեան, ի՞նչպէս արթնացնել խիղճը։ Եկեղեցւոյ համար կը բացուի զմայլելի ճանապարհ մը՝ ոյժը եւ կամ լրջութիւնը արտայայտելու վճռական հարցերը՝ ինչպէս էր քրիստոնէութեան սկիզբը, երբ մարդիկ կեանքի մէջ հողմակոծ կը քշուէին առանց քաջութեան։ Եւ ինչպէս կը պատահէր Սուրբ Պօղոս Առաքեալի Արիսբագոսի մէջ, ուր ան կը խօսէր Աստուծոյ մասին անոնց, որոնք նուազեցուցած, գրաքննած եւ մոռցած էին իրենց «ինչու՞ն»։

Հետեւաբար ոչ ոք մեզմէ կրնայ սկսիլ երկխօսութիւն մը Աստուծոյ հետ, եթէ չյաջողինք Սնուցանել մեր սրտին մէջի առկայծ ճրագը, առանց մեղադրելու ոեւէ մէկը իր սահմանափակումներուն համար – որ նաեւ մեր սահմանափակումներն են – այլ ընկալելու ոեւէ անձ եւ ունկնդրելու անոր։ Քրիստոնեայի պարտականութիւնն է – ինչպէս Ֆրանչիսկոս Պապ կը սիրէ կրկնել – սկսիլ գործընթացներ՝ քան գրաւել տարածութիւններ։

Այսօրուան ողբերգութիւնը կը բաղկանայ՝ մարդկային ինքնութիւնը եւ արժանապատուութիւնը ուրանալու տիրող վտանգին մէջ։ Գաղափարախօսական մտահոգիչ գաղթարարութիւն մը կը նուազեցնէ սրտի վաւերական կարիքներու ընկալումը՝ մատուցանելու համար լոկ սահմանափակ պատասխաններ, որոնք նկատի չեն առներ սիրոյ, ճշմարտութեան, գեղեցկութեան եւ արդարութեան ծաւալը, որ իւրաքանչիւրին մէջն է։

Բոլորս ալ այս ժամանակի զաւակներն ենք եւ ենթակայ ենք մտայնութեան մը, որ կը հրամցնէ նոր արժէքներ եւ առիթներ, սակայն կրնայ նաեւ պայմանաւորել, սահմանափակել սիրտը եւ վնասել անոր, այլասերիչ առաջարկներով, որոնք կը մարեն ծարաւը Աստուծոյ հանդէպ։

Սակայն սիրտը չի գոհանար, որովհետեւ, ինչպէս կʼըսէ Բենեդիկտոս ԺԶ. Քահանայապետ, խօսելով Սան Մարինոյի երիտասարդներուն՝ «անսահմանութեան բացուած պատուհան մըն է»։ Ինչու՞ պէտք է տառապինք եւ ի վերջոյ մեռնինք։ Ինչու՞ չարը եւ հակասութիւնը։ Արդեօք կարժէ՞ ապրիլ։ Կարելի՞ է տակաւին յուսալ ի տես համաշխարհային երրորդ պատերազմի մը, որ մասնակի ճակատներու վրայ կը տարուիʼ, կարելի է յոյս ունենալ՝ իրենց հաւատքին համար հալածուած եւ սպաննուած բազմաթիւ եղբայրներուն հետ։ Տակաւին իմաստ ունի՞ սիրել, աշխատիլ, զոհողութիւններ ընել եւ ճիգ թափել։ Ու՞ր պիտի վերջանայ իմ կեանքս եւ այն անձերու կեանքը, զորոնք չենք ուզեր կորսնցնել երբեք։ Ի՞նչն է մեր գործը այս աշխարհի մէջ։ ... Հարցեր են, զորոնք բոլորը կը դնեն, ըլլան երիտասարդներ կամ չափահասներ, հաւատացեալներ եւ ոչ հաւատացեալներ։ Ուշ կամ կանուխ, առնուազն մէկ անգամ կեանքի մէջ, փորձութեան մը կամ ուրախ առիթով մը, խորհրդածելով անձնական զաւակներու ապագայի մասին եւ կամ անձնական աշխատանքի օգտակարութեան մասին, իւրաքանչիւրը ինքզինք կը գտնէ այս հարցերէն մէկուն կամ մէկէ աւելիին դիմաց։ Նոյնիսկ ամենէն արմատական ժխտողը չի յաջողիր զանոնք ամբողջութեամբ արմատախիլ ընել իր գոյութենէն։

Կեանքը անիմաստ ցանկութիւնը մը չէ, պակասութիւնը չէ կարելի նկատել իբր նշան՝ թէ մենք «սխալ» ծնած ենք, այլ ընդհակառակը, ան այն զանգն է, որ մեզ կը զգուշացնէ, թէ մեր բնութիւնը կազմուած է մեծ բաներու համար.








All the contents on this site are copyrighted ©.