2015-08-19 15:15:00

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի պատգամը Թէզէյի հասարակութեան, երեք յոբելեաններու առիթով


(Ռատիօ Վատիկան) Ֆրանչիսկոս Պապ, 2015ի օգոստոս 16ին, պատգամ մը յղած է Թէզէյի հասարակութեան, եռապատիկ յոբելեաններու առիթով։ Սրբազան Պապը կը գրէ՝ “Այս տարի Թէզէյի համայնքը կը տօնէ երեք յոբելեաններ՝ հիմնադրութեան 75րդ տարեդարձը, Եղբայր Ռոժէյի ծննդեան 100ամեակը եւ անոր մահուան 10րդ տարելիցը։ Ես կը միանամ ձեր շնորհակալական ձեռնարկին ուղղուած առ Աստուած՝ Անոր, որ միշտ հաւատարիմ նոր վկաներ յառաջ կը բերէ։

Իմ եղբօր, Կարդինալ Քուրդ Քոխի խնամքին կը վստահիմ փոխանցել ձեզի եւ համայնքի բոլոր անդամներուն իմ ջերմ զգացումները։

Բենեդիկտոս ԺԶ. Քահանայապետ, 2012 թուականին, Թէզէյի կազմակերպած Եւրոպական հանդիպումին երիտասարդներուն կ’ըսէր՝ Եղբայր Ռոժէ “Աւետարանի, խաղաղութեան եւ հաշտութեան անխոնջ վկայ մըն է, վառուած սրբութեան համամիութենականութեան հուրով”։

Այս հուրն էր, որ զինք մղած էր հիմնել համայնքը, որ մինչեւ այսօր կարեւոր դեր մը կը խաղայ քրիստոնեաներու միջեւ կառուցելու եղբայրութեան կամուրջներ։

Եղբայր Ռոժէ հրայրքով փնտռեց Եկեղեցւոյ՝ Քրիստոսի Մարմնին միութիւնը, եւ ինքզինք բացաւ քրիստոնէական զանազան աւանդութիւններու հարստութիւններուն, առանց խզուելու իր բողոքական արմատներէն։

Սնած Սուրբ Գրքէն՝ եղբայր Ռոժէ կ’անդրադառնար նաեւ Եկեղեցւոյ Հայրերու ուսուցմունքին եւ քրիստոնէական աղբիւրներուն, այժմէականացնելով զանոնք երիտասարդներուն համար։

Եղբայր Ռոժէ հասկցաւ նոր սերունդները, ան վստահեցաւ անոնց։ Ան Թէզէն վերածեց հաւաքավայրի մը, ուր երիտասարդներ, ամբողջ աշխարհէն, իրենք զիրենք յարգուած եւ իրենց հոգեւոր փնտռտուքին մէջ աջակցութիւն ստացած են։

Եղբայր Ռոժէ կը սիրէր աղքատները, ժառանգազուրկները։ Ան ցոյց տուաւ, իր եւ իր եղբայրներու գոյութեան միջոցաւ, որ աղօթքը զուգահեռ կ’ընթանայ մարդկային զօրակցութեան հետ”։

Սրբազան Քահանայապետը կը փակէ իր պատգամը՝ Աստուծոյ շնորհակալութիւն յայտնելով, եւ կը յորդորէ Թէզէյի համայնքը միշտ վառ պահել իր վկայութիւնը յարուցեալ Քրիստոսի հանդէպ եւ զայն միշտ նորոգելու կոչը “ընտրելով սէրը”։








All the contents on this site are copyrighted ©.