2015-08-19 12:50:00

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւնը։


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի, 19 օգոստոսին, Վատիկանի Սուրբ Պօղօս Զ. անուան դահլիճին մէջ, Ֆրանչիսկոս Պապ կատարեց չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութինը ներկայութեամբ հազարաւոր ուխտաւորներու։

Այս առթիւ, արտասանած պատգամին մէջ, Նորին Սրբութիւնը խորհրդածութիւն կատարեց ընտանիքի մասին, կեդրոնանալով ընտանիքի ծիրէն ներս աշխատանքի իմաստին վրայ։

Յիշենք, թէ անցեալ չորքեշաբթի օր, Ֆրանչիսկոս Պապ հրապարակային ունկնդրութեան ընթացքին անդրադարաձած էր ընտանեկան կեանքէն ներս կատարուած տօնակատարութեան։

Տօնակատարութիւն եւ աշխատանք մաս կը կազմեն Աստուծոյ ստեղծագործութեան ծրագրին։

Աշխատանքը անհրաժեշտ է ընտանիք պահելու համար, զաւակներ աճեցնելու եւ ընտանքի սիրելիներուն համար ապահովելու արժանավայել կեանք մը։ Յոյժ գեղեցիկ է լուրջ եւ անկեղծ անհատի մը մասին արտայայտուիլ ըսելով՝ “աշխատաւոր մըն է”։ Անհատ մը, որ կ’աշխատի, անձ մըն է, որ հասարակութեան մէջ չ’ապրիր ուրիշներու հաշւոյն։

Աշխատանքը իր հազարաւոր ձեւերով, սկսեալ տնային աշխատանքէն՝ հասարակաց բարիքին կը ծառայէ։ Իսկ բութաջան կեանքի ոճը կը սորվինք, նախ եւ առաջ՝ ընտանիքին մէջ։ Ընտանիքը կը դաստիարակէ աշխատանքի՝ ծնողներու օրինակով, հօր եւ մօր օրինակով, որոնք կ’աշխատին ընտանիքի եւ ընկերութեան համար։

Նորին Սրբութիւնը մէջբերելով Սուրբ Գիրքէն քաղուած զանազան օրինակներ, յայտնեց, թէ Աւետարանին մէջ Նազարէթի Սուրբ Ընտանիքը ներկայացուած է որպէս աշխատաւորներու ընտանիք ­ եւ նոյնինքն Յիսուս անուանուած է “ատաղձագործի զաւակ” (Մտթ 13,55) եւ կամ պարզապէս “ատաղձագործ” (Մրկ 6,3)։ Իսկ Սուրբ Պօղոս կը յանդիմանէ քրիսոտոնեաները ըսելով՝ “ով որ կը մերժէ աշխատիլ, թող նաեւ չուտէ” (Բ. Թես 3, 10)։ Սրբազան Պապը կատակելով աւելցուց՝ “նիհարնալու լաւ միջոց մըն է այս. չես աշխատիր, չես ուտեր”։ Սակայն առաքեալը այստեղ մատնանիշ կ’ընէ որոշ անձերու սխալ հասկցած հոգեկանութեան, որոնք կ’ապրէին իրենց եղբայրներու եւ քոյրերու հաշւոյն, “ծոյլ կեանքով կ’ապրին, որեւէ գործ չեն ըներ, այլ ծոյլ-ծոյլ կը շրջին” (Բ. Թես 3,11)։ Աշխատանքի յանձնառութիւնը եւ հոգեւոր կեանքը, քրիստոնէկան ըմբռնողութեան մէջ, իրարու չեն հակասեր։ Հարկաւոր է լաւ հասկնալ այս, ընգծեց Սրբազան Հայրը։ Աղօթքն ու աշխատանքը պէտք է ներդաշնակութեան մէջ մնան, ինչպէս կ՝ուսուցանէ Սուրբ Բենետիկտոս։ Աշխատանքի բացակայութիւնը կը վնասէ նաեւ հոգւոյն, ինչպէս եւ աղօթքի բացակայութիւնը կը վնասէ գործնական զբաղմունքին։

Աշխատանքը, իր հազարաւոր ձեւերով, յատուկ է մարդկային անհատին։ Աշխատանքը կ՝արտայայտէ մարդու արժանապատուութիւնը, որ ստեղծուած է Աստուծոյ պատկերին նման։ Ասոր համար է, որ կ’ըսենք՝ թէ աշխատանքը սրբազան է։ Ասոր համար է, որ զբաղուածութեան մատակարարումը մարդկային եւ ընկերային մեծ պատասխանատուութիւն մընէ, որ կարելի չէ թողուլ սակաւ անհատներու ձեռքերուն մէջ եւ կամ հաստատուած “աստուածացուած շուկայի” մը վրայ։ Գործազրկութիւն պատճառել կը նշանակէ ընկերային մեծ վնաս յարուցել։

“Կը տխրիմ, երբ կը տեսնեմ, թէ կան մարդիկ առանց աշխատանքի, որոնք չեն գտներ աշխատանք, եւ չունին արժանապատուութիւնը հաց հայթայթելու ընտանիքին համար։ Իսկ շատ կ’ուրախանամ, երբ կը տեսնեմ թէ կառավարիչներ մեծ ճիգ կը թափեն աշխատանք հայթայթելու։ Աշխատանքը սրբազան է, աշխատանքը ընտանիքին արժանապատուութիւն կու տայ։ Պէտք է աղօթենք, որ ոեւէ ընտանիք գործազուրկ չմնայ”։

Ուրեմն, աշխատանքը եւս, իչպէս տօնակատարութիւնը մաս կը կազմեն Աստուծոյ արարչագործութեան ծրագրին։ Ֆրանչիսկոս Պապ մէջբերելով սուրբգրային հատուածներ, յայտնեց թէ երկրագունդը որպէս գեղեցիկ պարտէզ յանձնուած է մադու խնամքին եւ հոգատարութեան (Ծննդ 2, 8.15)։ Սրտին խորապէս կը խօսին այս պատուէրին նախորդող տողերը՝ “Երբ Աստուած ստեղծեց երկինքն ու երկիրը, երկրի վրայ դեռ ոչ մի տունկ չէր բուսած, դեռ ոչ մէկ դաշտային բոյս չէր աճած, որովհետեւ Տէր Աստուած անձրեւ չէր տեղացուցած երկրի վրայ, եւ մարդ չկար, որ մշակէր հողը, բայց աղբիւր կը բխէր երկրէն եւ կը ոռոգէր ամբողջ երկիրը (Ծննդ 2, 4-6)։

Սրբազան Պապը ընդգծեց, թէ ռոմանթիք գրուածքներ չեն ասոնք, այլ Աստուծոյ յատնութիւնը։ Իսկ մենք, մեր կարգին, ունինք զայն հասկնալու պատասխանատուութիւնը եւ իւրացնելու զայն իր ամբողջ տարողութեամբ։

Ապա անդրադառնալով “Գովեալ ըլլաս” իր շրջաբերկան թուղթին ուր կ՝առաջարկուի համապարփակ բնապահպանումը, Ֆրանչիսկոս Պապ մէջբերեց պատգամէն գաղափարներ։ Երկրի գեղեցկութիւն եւ աշխատանքի արժանապատուութիւնը եղած են զիրար ամբողջացնելու համար։ Երկիրը կը գեղեցկանայ մարդու աշխատանքով։ Երբ աշխատանքը կ՝անջատուի այր մարդու եւ կնոջ՝ Աստուծոյ հետ կնքուած դաշինքէն, երբ կ՝անջատուի անոնց հոգեւոր որակէն, երբ ստրուկ է միայն շահագրգռութեան տրամաբանութեան եւ կ՝արժեզրկէ կեանքի խանդաղատանքը, այն ժամանակ հոգիին նուաստացումը կ’ապակնէ ամէն ինչ՝ օդը, ջուրը, խոտը եւ կերակուրը։ Քաղաքային կեանքը կը բեկանի եւ բնակավայրը կը կործանի։ Ասոնցմէ յառաջացած հետեանքները, կը յարուածեն յատկապէս ամենէն աղքատները եւ ամենէն աղքատ ընտանիքները։

Աշխատանքի արդի կազմակերպութիւնը յաճախ վտանգաւոր միտում մը ունի՝ ընտանիքը նկատելու իբր բեռ, ծանրութիւն եւ կրաւորականութիւն՝ աշխատանքի արտադրողականութեան համար։ Սրբազան Քահանայապետը յարեց՝ “Սակայն հարց տանք մենք մեզի՝ “ի՞նչ արտադրողականութիւն, որու՞ն համար”։ Այսպէս կոչուած “խելացի քաղաքը” անկասկածօրէն հարուստ է ծառայութիւններով եւ կազմակերպուածութիւններով։ Սակայն ստէպ թշնամական՝ երեխաներու եւ ծերերու հանդէպ։”

Երբ աշխատանքի կազմակերպումը ընտանիքը պատանդ կ’առնէ, եւ նոյնիսկ անոր ճանապարհը կը խոչընդոտէ, պէտք է ապահով ըլլանք՝ որ մարդկային ընկերութիւնը սկսած է ինքն իր դէմ աշխատիլ։








All the contents on this site are copyrighted ©.