2015-08-19 12:40:00

Հայ Եկեղեցին Եւ Հայ Երիտասարդը Դէմ առ Դէմ Սէրէն Աւելի Հզօր.


Կա՞յ աւելի զօրաւոր զգացում, քան` սէրը:

Բնա՛ւ կարելի չէ կասկածի տակ առնել սիրոյ հզօրութիւնը, ուժը, յարատեւութիւնը, եւ ըստ ոմանց կարծիքին, մինչեւ իսկ` անոր յաւիտենականութիւնը…

Այս մասին խոստովանութիւնները, յատկապէս սիրային արկածախնդրութեանց մէջ ինկած երիտասարդներու եւ երիտասարդուհիներու, ցարդ բազմաթիւ բանաստեղծութիւններու, վէպերու, սիրերգութիւններու պատճառ դարձած են:

Գրականութեան մէջ բազմահազար էջեր նաեւ լեցուն են սիրոյ մէջ արձանագրուած ձախորդութիւններու մասին վէպերով, որոնք շատ յաճախ ողբերգական վախճաններ ունեցած են: Ուրեմն, անոր կարծուած հզօրութիւնը, ուժգնութիւնը, խոստացուած յարատեւութիւնը եւ մաղթուած յաւիտենականութիւնը կը չքանան ստեղծուած պարագաներու բերումով:

Երկրաւոր կամ մարդկային փոխյարաբերական սիրոյ մասին տրուած այս բացատրութիւններէն տարբեր, իմաստասէրներ կ՛ուզեն տեսնել սիրոյ գերմարդկային տեսակը ու ատոր մասին եւս եզրայանգումներ կը կատարեն: Աստուածային , գերբնական սէրը իմաստասէրներ կ՛ուզեն զատորոշել սովորական իմաստով ըմբռնուող սէրէն, որովհետեւ այդ վերջինը շատ աւելի կ՛առնչուի, ըստ իրենց, մարդկային սեռերու ֆիզիքական մագնիսացման: Մինչդեռ աստուածային սէրը անպայմանական սէրն է, յաճախ միակողմանի ու նոյնիսկ կոյր ըլլալու աստիճան անշահախնդիր սէրը:

Զարմանալին այն է, որ երբեմն սիրոյ զգացումը ի՛նք կը փոխակերպուի այս երկրորդին, որուն զօրութիւնը, խորութիւնը, ուժգնութիւնը եւ տեւականութիւնը շատ աւելի շօշափելի արդիւնքներ կու տայ, քան` սէրը ինք: Սիրոյ այլակերպութիւնը կարելի է կոչել այս վիճակը նոյնիսկ, երբ մնայուն կայք հաստատելով մարդու հոգիին մէջ` անիկա շուտով արմատ կը նետէ այնտեղ ու կը ճիւղաւորուի, տխուր ծաղիկներով կը ծաղկի նոյնիսկ ձմրան, ու ապա, որեւէ պահու կարելի է վատ բերքահաւաք կատարել` առանց սպասելու ամրան:

– Ո՛խն է այդ հզօրագոյն զգացումը, որ մարդկային կեանքի մէջ գերազանցած է սիրոյ բիւրեղութիւնը:

Ուղտի ոխակալութեան մասին բարոյալից պատմուածքներ ու յատկապէս առակներ շատ օրինակներ կը ներկայացնեն, երբ ան երկար տարիներ ետք կը հանդիպի իր տիրոջ եւ,  վերյիշելով անոր դաժան վերաբերումը իր նկատմամբ, վրէժ կը լուծէ: Ուղտերը ոխակալ կ՛ըլլան` ըստ առակագիրներու եւ իրենց վրէժը լուծելու յատուկ կերպ կ՛ունենան: Տեսնելով իրենց թշնամին անապատի ովասիսի եզրին բուսած արմաւենիներու շուքին տակ հանգիստի պահուն եւ քնացած վիճակի մէջ` հանդարտ քայլերով կը մօտենան անոր եւ յանկարծ ամբողջ մարմնով վրան կը նստին` անշնչացնելով զայն…

Մարդկային «ուղտեր» անպակաս են այս կեանքին մէջ, երբ վախնալով իրենց ոսոխը դիմակալելէ`  անոր կռնակէն կը դաշունահարեն զայն: Կամ` անոր բացակայութեան, ու նոյնիսկ մահէն ետք, բամբասանքի ծրարը բացած, անոր հասցէն կը մրոտեն` չեղածը եղածի նման ներկայացնելով ու կարելի չափով հաւատացնելով միամիտներուն:

Ոխին զօրութեան ու անջնջելիութեան յաւերժական պատմիչը թշնամութիւնն է: Անիկա նոյնիսկ ամէնէն մտերիմ ամուսիններու միջեւ սերմանուելով` կրնայ զանոնք դարձնել աններող ոսոխներ: Ոխակալը չի՛ խնայեր նոյնիսկ իր զաւակները, ու իր ստացած նոյն տգիտութիւնը, իբրեւ տոհմային աւանդ, կը փոխանցէ անոնց եւ հազիւ թոթովող մանուկներուն բիւրեղ հոգիներուն մէջ ոխակալութիւն կը սերմանէ:

Ահա թէ որքա՛ն զօրաւոր է ոխը, եւ թէ` սիրոյ ուժը որքան աւելի տկար ու թոյլ կը մնայ ոխի ուժին դիմաց: Քրիստոնէութիւնը բերա՛ւ լուծում այս հարցին, որ Աստուածորդիին ներողամտութեամբ եւ խաչին վրայ իսկ գամուելովը բացատրուեցաւ մարդկութեան: Սակայն այդ լուծումին գործադրութիւնը մարդոց բարի կամքին թողուց երկնաւոր Վարդապետը` առանց պարտադրելու զանիկա իր հետեւորդներուն: Ոխին զօրութիւնը կը բազմապատկուի զոհին տկարութեան ու յուսահատութեան դիմաց: Ոխակալը իր ամէն կարողականութեամբ կը ջանայ յուսահատեցնել իր զոհը, որպէսզի դիւրացնէ ոխի վերջնական կատարումը` տապալումը արդարին:

Արդարը ոխակալ չի՛ կրնար ըլլալ. իսկ ոխակալը  անվստահելի մարդ է:

Դժբախտաբար ոխը աւելի զօրաւոր է, քան` սէրը, որ միշտ պիտի խոցուի թշնամանքի ու ոխի թունաւոր նետերէն:

Ոխակալէն զգուշաւոր հեռաւորութիւն պահելը, նման կացութեանց պարագային, ցարդ տրուած ՜՜ խորհուրդներուն լաւագոյնն՝՝ է:








All the contents on this site are copyrighted ©.