2015-08-19 11:04:00

Աւելի քան 100000 գաղթականներ մէկ ամսուայ մէջ մուտք գործած են Եւրոպա


(Ռատիօ Վատիկան) Երեքշաբթի, 18 օգոստոսին հրապարակուած Ֆրոթէքս եւրոպական հետախուզական գործակալութեան տուեալներու համաձայն, միայն անցեալ յուլիս ամսուայ ընթացքին Եւրոպա մուտք գործած են աւելի քան 100000 գաղթականներ, որոնց մեծամասնութիւնը Նիճերիայէն անցած են Իտալիա։ Ֆրոթէքսի համաձայն, առաջին անգամն է որ մէկ ասմուայ ժամանակամիջոցին Եւրոպա ներխուժող գաղթականներու թիւը կը գերազանցէ 100000ը։

Իսկ 2015 յունուարէն – օգոստոս երկարող ամիսներուն ընթացքին, Եւրոպա մուտք գործած են աեւլի քան 340000 գաղթականներ։

Իտալական ոստիկանութիւնը վերջերս ձերբակալած է զանազան մաքսանենգներ, որոնք ապօրինի կերպով նաւերու վրայ կը փոխադրեն գաղթականներ։








All the contents on this site are copyrighted ©.