2015-08-19 13:11:00

Ասիոյ մէջ եկեղեցին Ֆրանչիսկոս Պապի հետ միասին կը պայքարի Կլիմայի փոփոխութեան դէմ։


(Ռատիօ Վատիկան) Երեքշաբթի, 18 օգոստոսին, Եանկոն Թեմի արքեպիսկոպոս, կարդինալ Շարլ Մաունկ Պօ, Պանքոքի մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ յայտնեց՝ որ կարիքը կայ շօշափելի գործողութիւններու, դիմագրաւելու համար աշխարհի կլիմայի փոփոխութեան տագնապը։

Կարդինալ Շարլ Մաունկ, Թայլանտի մայրաքաղաքին մէջ բացումը կատարեց Կլիմայի փոփոխութեան հայող երկօրեայ գիտաժողովին, որ կազմակերպած է Ասիոյ Եպիսկոպոսաց համահաւաք դասը։

Կարդինալը, գիտաժողովի բացման արարողութեան ընթացքին արտասանած խօսքին մէջ զգուշացուց բոլորը այն չարիքներէն, որոնք կը կործանեն մարդկային ընտանիքն ու արարչագործութիւնը, որ Աստուծոյ պարգեւն է։ Ան հրաւիրեց Ասիոյ կաթողիկէ եկեղեցւոյ առաջնորդները, միատեղ հաւաքելու իրենց բոլոր ուժերը, պայքարելու համար կենսոլորտի պահպանման ի խնդիր, ինչպէս նաեւ ընդառաջելու Ֆրանչիսկոս Պապի “Գովեալ ըլլաս” շրջաբերականի հրաւէրին՝ խնամք տանիլ “հասարակաց տան”։

 Կարդինալը ապա թուելով Ասիոյ մէջ վերջին տասնեակ տարիներուն տեղի ունեցած բնական աղէտները, ինչպէս 2008-ին Նարճիս կոչուած մրրիկը, որ հարուածած էր Մյանմար քաղաքը, պատճառելով 150000 մեռեալներ եւ աւելի քան 800000 գաղթականներ, ընդգծեց, թէ զոհերու մեծամասնութիւնը աղքատ դասակարգի պատկանող մարդիկ էին եւ ոչ իսկ տեղեակ էին կենսոլորտի ջերմութեան աճի հարցերուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.