2015-08-19 13:27:00

15 տարիներ անցան Հռոմի մէջ կատարուած երիտասարդաց համաշխարհային 15-րդ հաւաքին


(Ռատիօ Վատիկան) 2000 թուականին, 19-էն 20 օգոստոս լուսցնող գիշերուան ընթացքին, Հռոմի մէջ եկեղեցին ապրեցաւ անմոռանալի պահեր։ Հռոմ քաղաքի Թոր Վէրկաթա շրջանի մէջ միատեղ հաւաքուած,  աշխարհի չորս ծագերէն ժամանող  աւելի քան երկու միլիոն երիտասարդներ, իրենց մասնակցութիւնը բերին համաշխարհային երիտասարդաց 15-րդ հաւաքին, ներկայութեամբ եւ բարձր հովանաւորութեամբ երջանկայիշատակ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետին։

Արժանի է հոս յիշել, սոյն երիտասարդաց հաւաքի առթիւ, երջանկայիշատակ Սուրբ Քահանայապետի երիտասարդներուն ուղղած մի քանի խօսքեր։

“Երբ երջանկութիւն կը ցանկաք, իրականութեան մէջ՝ Յիսուսն է որ կը փնտռէք։

Երբ գոհունակութիւն չէք զգար ձեր պրպտած բաները գտնելէ ետք, իրականութեան մէջ՝ Յիսուսին է որ կը սպասէք։

Յիսուսի հրապուրիչ զմայլեցուցիչ շքեղութիւնն է որ կը փնտռէք։

Ինքն է, որ ձեզ կը մղէ վար դնելու դիմակները որոնք կեանքը կը խեղաթիւրեն։

Ինքն է, որ կը կարդայ ձեր սրտերուն մէջ, ձեր ընդգրկած ճշմարիտ որոշումները, զորոնք ուրիշներ կ’ուզեն ոտնակոխ ընել։

Յիսուսն է, որ ձեր կեանքի ընթացքին, ձեր մէջ կը յարուցանէ վեհ բանի մը իրագործութեան տենչը, ինչպէս նաեւ կամքը՝ հետեւելու գաղափարականի մը, եւ մերժելու որ միջակութիւնը ձեզ նուաստացնէ”։

Ի վերջոյ իւրաքանչիւր երիտասարդի, քրիստոնեայի հոգիին մէջ կարձագանգէ ՝՝Մի վախնաք՝՝ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետը յաւերժացնող խօսքը, ինչպէս նաեւ քաջալերանքը՝ ՝՝Գուցէ ձեզմէ պիտի չխնդրուի արիւն հոսեցնել Յիսուսի համար. սակայն՝ հաւատարմութիւն Անոր հանդէպ, ամէն օր՝ իւրաքանչիւր դժուարին պահու”։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.