2015-08-18 11:05:00

Ֆրանչիսկոս Պապ կը քաջալերէ ողորմութեան գործերը՝ ցուցաբերուած հիւանդներու եւ մահամերձներու


(Ռատիօ Վատիկան)Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը պատգամ մը յղած է Մանուէլ Մարին Սյոպերկի՝ նախագահ Servicio Sacerdotal de Urgencia կազմակերպութեան, որ սկիզբ առած է 1952 թուականին, Արկենդինայի Քորտոպա քաղաքին մէջ։ Այս կազմակերպութեան նպատակն է՝ հաւատացեալներուն ապահովցնել խորհուրդներու մատակարարումը նաեւ այն ժամերուն, ուր դժուար է քահանայ մը գտնել։

Սրբազան Պապը իր պատգամին մէջ կը նշէ՝ թէ յառաջիկայ Ողորմութեան յոբելինական բացառիկ տարին լաւ առիթ մըն է՝ հիւանդներու եւ մահամերձներու խնամքի առաքելութեան ծիրէն ներս ուժեղացնելու հոգեւոր հովիւներու եւ աշխարհականներու միջեւ համագործակցութիւնը։ Այդ առաքելութիւնը պէտք է ցուցաբերուի խանդաղատանքով եւ գորովով։

Ֆրանչիսկոս Պապ կ’ապահովցնէ իր աջակցութիւնը եւ քաջալերանքը “քրիստոնէական ողորմութեան գործերու” շարժումին, որ վաթսուն տարիներէ ի վեր կը հայթայթէ կամաւորները Servicios Sacerdotales de Urgencia y Nocturno կազմակերպութենէն։ Նորին Սրբութիւնը կը յիշեցնէ, թէ հարկաւոր է մօտենալ կարիքաւորներուն, որպէսզի անոնք զգան մեր ներկայութեան, բարեկամութեան եւ եղբայրութեան ջերմութիւնը։ Մենք պիտի դատուինք մեր մարմնաւոր եւ հոգեւոր ողորմութեան արարքներուն համապատասխան – կը յանդիմանէ Ֆրանչիսկոս Պապ – այն գիտակցութեամբ՝ թէ այդ “փոքրագոյններուն” մէջ Քրիստոս ինքնին ներկայ է։








All the contents on this site are copyrighted ©.