2015-08-18 12:45:00

Չինաստանի հեռուստակայանը կը հաղորդէ Ֆրանչիսկոս Պապի աղօթքը


(Ռատիօ Վատիկան) Աստուածածնի Վերափոխման տօնին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապի կատարած աղօթքը Չինաստանի Թիանշինի արկածի զոհերուն համար, մեծ արձագանգ գտած է Չինաստանի մէջ։ Երկրին հեռուստակայանը լայն տեղ տրամադրած է Քահանայապետի ցաւակցութեան եւ զօրակցութեան խօսքերուն։ “Այսպիսի անդրադարձ մը բացարձակապէս սովորական չէ”, Հոնկ Քոնկէն կը հաղորդէ Հայր Սերճօ Թոքոցցի՝ առաքեալ “Արտասահմանեան Առաքելութիւններու Քահանայապետական Հաստատութեան”։

Հայր Թոքոցցի կը տեսնէ այստեղ դրական յառաջխաղացք մը։ Ցարդ Վատիկանի եւ Քահանայապետի հետ առընչուած որեւէ բան Չինական հեռուստացոյցի մէջ տեղ չէ գտած։ Այս առիթը նշան մըն է, թէ Չինաստան հետաքրքրուած է Վատիկանի հետ մշակել յարաբերութիւններ եւ ներկայացնել Ֆրանչիսկոս Պապը, եւ յատկապէս անոր կարեկցութեան եւ գթասրտութեան վերաբերմունքը՝ տառապող անհատներու նկատմամբ։

Անդրադառնալով Թիանշինի վիճակին, Հ. Թոքոցցի կը յայտնէ, թէ վիճակը ծանր է։ Կան հարիւրէ աւելի մահեր եւ մթնոլորտը ապականած է քիմիական նիւթերով, որոնք վնաս կը հասցնեն մարդոց առողջութեան։ Սակայն մանրամասնութիւններու շուրջ լռութիւն կայ։ Կը տրուին ընդհանուր տեղեկութիւններ, առանց անդրադառնալու արկածի ամբողջ տարողութեան, որպէսզի ժողովուրդը չգրգռեն եւ չմտահոգեն։ Միայն ոչ յոյժ բացասական լուրերն են որ դուրս կու գան։ Սակայն հաղորդակցութեան արդի զանազան միջոցներով միշտ աւելի տեղեկութիւններ երեւան կ’ելլեն։

Հայր Թոքոցցի կ’անդրադառնայ նաեւ երկրին ապահովական պայմաններուն, որոնք լաւ վիճակի մէջ չեն գտնուիր, ուր ապահովական բոլոր միջոցները տակաւին չեն կիրարկուած։ Տակաւին այս ուղղութեամբ Չինաստան բաւական աշխատանք ունի տանելիք։ Այս աղէտին մէջ սակայն կը տեսնուի թէ Չինաստան սկսած է բացուիլ արտասահմանեան մասնագէտներու՝ ապահովական միջոցառումներու առընչութեամբ։ Սակայն չինացիներն իրենք կ’ուզեն կառավարել աշխատանքները, յատկապէս զինուորականներու ներկայութեամբ։

Վերջապէս Հայր Թոքոցցի կը նշէ, թէ Չինաստանի ժողովուրդը տակաւ առ տակաւ սկսած է նոր գիտակցութեամբ մօտենալ կենսոլորտային հարցերուն, որովհետեւ խնդիրը կը հայի իրենց եւ իրենց զաւակներու առողջութեան։ Նաեւ սննդային արտադրանքներու որակի բարձրացման համար անոնք դարձած են աւելի ուշադիր։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.