2015-08-18 10:38:00

Ուժգին պայթում Պանքոքի մէջ


Երկուշաբթի, 17 օգոստոսին, ուժգին պայթում մը տեղի ունեցաւ Թայլանտի մայրաքաղաք Պանքոքի մէջ գտնուող տաճարի մը մօտ` պատճառելով բազմաթիւ զոհեր եւ վիրաւորներ: Պաշտօնատարներ յայտնեցին, որ նոյն տարածքին մէջ այլ ական մը յայտնաբերուած է:

Պայթումը տեղի ունեցաւ Չիտլոմ շրջանին մէջ զբօսաշրջիկներու մօտ մեծ ժողովրդականութիւն վայելող եւ հինտու Պրահմա չաստուածին նուիրուած տաճարին մօտ, որուն իւրաքանչիւր օր բազմաթիւ հինտուներ կ՛այցելեն:

Շրջանին մէջ կը գտնուին նաեւ երեք մեծ առեւտրական համալիրներ, ինչպէս նաեւ հինգ աստղանի պանդոկ մը:

Թայլանտի կառավարութիւնը յայտարարեց, որ յարձակումին թիրախը զբօսաշրջիկներն էին:

Վերջին տուեալներով, պայթումին զոհերուն թիւն էր 19, իսկ վիրաւորներունը` աւելի քան 115:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.