2015-08-18 12:21:00

Ոչ եւս է Հունգարացի կարդինալ Լասլօ Փաշքայը


(Ռատիօ Վատիկան) Երեքշաբթի, 18 օգոստոսի 2015-ին, վաղ առաւօտեան, Պուտափեշթի երբեմնի արքեպիսկոպոս՝ կարդինալ Լասլօ Փաշքայ կնքեց իր մահկանացուն։

Հանգուցեալ ծիրանաւորը երկար ժամանակէ ի վեր կը տառապէր ծանր հիւանդութեամբ։

Ան ծնած էր Հունգարիա 8 մայիս 1927ին, եւ 88 տարեկանին, 18 օգոստոս 2015-ին, հրաժարելով այս աշխարհէն առ յաւէտ խփեց իր աչքերը։

Արժանի է նշել, թէ 8 յուլիս 1986-ին, Կարդինալ Լասլօ Փաշքայը ընտրուած էր որպէս նախագահ Հունգարիոյ եպիսկոպոսաց համահաւաք դասին եւ պաշտօնավարած է մինչեւ 1990-ը։ Կարդինալական աստիճանի բարձրացած է 28 յունիս 1988ին, Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ. Քահանայապետի խնդրանքին վրայ։

Հանգուցեալին յուղարկաւորութեան եւ թաղման արարողութիւնը պիտի կատարուի շաբաթ, 21 օգոստոս 2015-ին, Պուտափեշթի մայր տաճարին մէջ։

Կարդինալ Լասլօ Փաշքայի մահով, կարդինալական դասը այժմ կը հաշուէ 219 ծիրանաւորներ, բաղկացած հետեւեալ անդամներէն՝ քահանայապետ ընտրելու իրաւունք ունեցող 120 կարդինալներ, եւ քահանայապետ ընտրելու ոչ իրաւունք ունեցող  99 ծիրանաւորներ։








All the contents on this site are copyrighted ©.