2015-08-17 10:01:00

Քուպա. կառավարական նշանաբան՝ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապի այցելութեան առիթով


(Ռատիօ Վատիկան) Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապ, 19-22 սեպտեմբեր 2015ին, հովուական այցելութեամբ պիտի ուղղուի դէպի Քուպա։ Այս այցելութեան առիթով, Քուպայի պետութիւնը պատրաստած է կայքէջ մը, ուր պատկերացուած է խորհրդանշական նկար մը, որ կը ներկայացնէ եղբայրութեան եւ սիրոյ պատգամը՝ իբր պտուղ աստուածային Ողորմութեան։

Նշանաբանին մէջ կը ներկայացուի կարմիր սիրտ մը, որուն վրայ կը տեսնուի սպիտակ աստղը, եւ դեղին ձեռք մը, որ կը կրէ կապոյտ խաչ մը։

Նշանաբանին վրայ կը տեսնուին Քուպայի դրօշի գոյները, իսկ անոր վրայ զետեղուած աստղը կը շեշտէ ազգային նկարագիրը։








All the contents on this site are copyrighted ©.