2015-08-17 11:42:00

Սուրիոյ մէջ ազատ արձակուած է Հայր Թոնի Պութրոս


(Ռատիօ Վատիկան)Սուրիոյ Շահպա քաղաքի Յոյն կաթողիկէ թեմի պատկանող, Փիլիպպոս առաքեալի անուան ժողովրդապետութեան պատասխանատու՝ Հայր Թոնի Պութրոս, որ ամիսներէ ի վեր անյայտ վիճակի մէջ կը գտնուէր, կիրակի 15 օգոստոսին ազատ արձակուած է, հաստատեց Դամասկոսի Պապական Նուիրակ  գերապայծառ Մարիօ Զէնարի, Վատիկանի Ռատիօ կայանի հետ  ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին, վարդապետին  ազատագրման բարի լուրը վերագրելով Երկնաւոր Մօր Վերափոխման տօնին առթիւ որպէս պարգեւ։

Գերապայծառ Մարիօ Զէնարիք նաեւ յայտնեց, թէ ազատագրուած վարդապետի առողջական վիճակը լաւ պայմաններու մէջ է, եւ թէ մահմետական ծայրայեղական խմբաւորումներու ձեռքերուն մէջ տակաւին 6 կղերականներ կը գտնուին, որոնց շարքին Օրթոտոքս եկեղեցւոյ երկու եպիսկոպոսներ։

Զրոյցի աւարտին գերապայծառը մաղթանք յայտնեց, որ այդ 6 կղերականներու ազատագրման բարի լուրը ժամ մը առաջ հռչակուի։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.