2015-08-17 09:15:00

Պրազիլի մէջ հազարաւոր կիներու հանրահաւաք՝ առ ի պաշտպանութիւն նախագահ Ռուսեֆի


«Արմէնփրես»` յղում կատարելով պրազիլական լրատուամիջոցներուն, կը հաղորդէ, որ հազարաւոր կիներ Ռիօ տը Ժանէյրոյի մէջ մասնակցած են հանրահաւաքի, որ կազմակերպուած էր ի պաշտպանութիւն երկրի նախագահ Տելմա Ռուսեֆի, որուն վարկանիշը կտրուկ անկում կրած է «Փեթրոպրազ» պետական քարիւղի ընկերութեան շուրջ ծագած գայթակղութեան լոյսին տակ:

«Մենք պիտի չարտօնենք որեւէ հրաժարում մեր երկրին մէջ ընկերային եւ ժողովրդավարական յառաջընթացէն», ըսած է Ռուսեֆ` դիմելով հաւաքին մասնակից կիներուն:

Ըստ վերջերս կատարուած հարցախոյզին, այժմ պրազիլցիներուն միայն 8 առ հարիւրը հաւանութիւն կու տայ նախագահի գործունէութեան: Հարցախոյզի մասնակիցներուն երկու երրորդը զօրակցած են անոր պաշտօնազրկման:

Վերջերս ձերբակալուած է 23 հոգի, որոնց գծով փտածութեան եւ դրամի լուացման շուրջ կասկածներ գոյութիւն ունին: Ձերբակալեալներուն շարքին են այն ընկերութիւններուն բարձրաստիճան կառավարիչները, որոնք պարտաւորագիրներ ունեցած են «Փեթրոպրազ»-ի հետ: Ռուսեֆ «Փեթրոպրազ»-ի խորհուրդը գլխաւորած է 2003-էն մինչեւ 2010:

Այս տարուան յունուարին ընթացք առած է Ռուսեֆի նախագահական երկրորդ նստաշրջանը:

Ռուսեֆ պատկերասփռուած հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարեց, որ իր քառամեայ նախագահութեան ընթացքին դիմագրաւած ամէնէն ծանր քաղաքական տագնապին ընթացքին երբեք հրաժարելու մասին չէ մտածած:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.