2015-08-14 11:03:00

Ֆրանչիսկսոս Քահանայապետի շաբաթավերջի յայտագիրը


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ, 15 օգոստոսին, Լատին ծէսի համաձայն կը նշուի Տիրամօր Սուրբ Կոյս Մարիամի Վերափոխման տօնը։ Այս առթիւ, Նորին  Սրբութիւնը, իր գրասենեակի պատուհանէն, կ՝արտասանէ Տիրամօր Նուիրուած Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը։

Մարեմեան աղօթքէն առաջ, Նորին Սրբութիւնը՝ Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ համախմբուած ուխտաւորներուն, կ՝ուղղէ նաեւ պատգամ մը։

Իսկ Կիրակի՝ 16 օգոստոսին, Նորին Սրբութիւնը դարձեալ կը կատարէ Կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքը։

Յայտնենք, թէ Տիրամօր Վերափոխման տօնին առթիւ, Վատիկանի Ռատիօ Կայանը հարցազրոյց կատարեց Վատիկան Քաղաքի Նորին Սրբութեան տեղակալ՝ Կարդինալ Քոմասթրիին հետ։ Զրոյցի ընթացքին, ծիրանաւորը յատնցեց՝ թէ Ֆրաչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը յատուկ ջերմեռանդութիւն ունի Աստուածածնի հանդէպ, եւ Ողորմութեան Սուրբ Տարին յանձնած է Երկնաւոր Մօր հովանիին։

Արժանի է յիշել, թէ հինգշաբթի, 13 օգոստոսին, նշուեցաւ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի, հարաւային Քորէայի շնորհած առաքելական ճամբորդութեան առաջին ամեակը։ Այդ ճամբորդութիւնը տեղի ունեցաւ 13-18 օգոստոս 2014-ին, ուր Նորին Սրբութիւնը մասնակցեցաւ Ասիայի երիտասարդաց 6րդ հաւաքի հանդիսութիւններուն։

Յիշենք, թէ Տիրամօր վերափոխման տօնը, Սուրբ Կոյս Մարիամի  նուիրուած տօներէն ամենահինն  է։ Այդ օրը յատուկ մեծարանքով կը  յիշատակուի Աստուածամօր մարմնապէս Վերափոխումը դէպի երկինք։








All the contents on this site are copyrighted ©.