2015-08-14 19:29:00

Սուրիոյ Քրիստոնեայ բնակչութեան գրեթէ կէսը գաղթած է երկրէն։


Վերջին տարիներու պատերազմական գործողութիւններու պատճառով`  Սուրիոյ քրիստոնեայ բնակչութեան գրեթէ կէսը գաղթած է երկրէն:

«Օգնութիւն աղէտեալ եկեղեցիներուն» միջազգային բարեգործական կազմակերպութեան ներկայացուցիչ Ճոն Նիւթօնի խօսքերով` մօտ 700 հազար քրիստոնեայ ստիպուած եղած  է հեռանալու երկրէն, Ինտերֆաքս-ի փոխանցմամբ` կը գրէ The Christian Post կայքը:

«Սուրիոյ մէջ 1,75 մլն քրիստոնեայ կ’ապրէր մինչ պատերազմը: Ատիկա կը նշանակէ, որ սուրիացի քրիստոնեաներու մօտ 40%-ը մեկնած է»,-յայտարարած է ան:

Մասնաւորապէս քրիստոնեաներով բնակեցուած Մաալուլա գիւղին մէջ նախկին 3 հազար բնակիչներէն մնացած է միայն  քանի մը հարիւրը: Այս գիւղին մէջ կը  գտնուին հնագոյն քրիստոնէական եկեղեցիները, իսկ անոր բնակիչները կը խօսին գրեթէ անհետացած եբրայերէնով, որմով խօսած է Յիսուսը: 2013-ին գրոհայինները գերեվարած էին տեղի վանքի վանական քոյրերը, որոնք յետոյ սակայն ազատ արձակուեցան:

Ըստ Նիւթօնի, Իրաքի մէջ մօտ 120 հազար քրիստոնեայ հեռացած են տուներէն: Շատերը մեկնած են երկրէն:








All the contents on this site are copyrighted ©.