2015-08-14 19:37:00

Պաղտատի մէջ ականուած բեռնակառքի մը պայթումը զոհեր եւ վիրաւորներ պատճառեց։


35 քաղաքայիններ սպաննուեցան եւ աւելի քան 100 ուրիշներ վիրաւորուեցան, երբ Պաղտատի Մատինաթ Սատըր թաղամասին մէջ ականուած բեռնակառք մը պայթեցաւ:

Ապահովական մարմինները անմիջապէս դէպքին վայրին շուրջ ապահովական գօտի ստեղծեցին, իսկ հիւանդատար մեքենաները վիրաւորները փոխադրեցին հիւանդանոցներ:

Իրաքի նախարարաց խորհուրդը պայթումէն ետք անյայտ թուականով յետաձգեց երէկ նախատեսուած իր նիստը:

Իրաքի խորհրդարանի Քրտական ազգային դաշինքի պլոքի նախագահ Ալա Թալպանի յայտնեց, որ Իրաքի մէջ ականահարումները տեղեկահաւաքի մարմինի տկարութեան հետեւանքն են` աւելցնելով, որ ներքին կողմերուն միջեւ քաղաքական հարցերը Իրաքի մէջ ապահովական ներթափանցումներու առիթ կը ստեղծեն:

ՏԱՀԵՇ ստանձնեց ականահարման պատասխանատուութիւնը:








All the contents on this site are copyrighted ©.