2015-08-13 09:40:00

Փերմեաքովը դատապարտուեցաւ 10 տարուան ազատազրկման


Ռուսիոյ Հիւսիսկովկասեան զինուորական շրջանի դատարանի 5-րդ զօրակայանի դատարանը չորեքշաբթի, 12 օգոստոսին, Գիւմրիի 102-րդ զինուորական խարիսխի տարածքին մէջ տեղի ունեցած արտակարգ նիստին ընթացքին ռուս զինուորական ծառայող Վալերի Փերմեաքովը մեղաւոր նկատեց զէնքով դասալքութիւն կատարելու, հրաձգային զէնք, զինամթերք յափշտակելու եւ ապօրինի կրելու մէջ եւ զայն դատապարտեց ընդհանուր առմամբ 10 տարուան ազատազրկման` խիստ աշխատանքային ուղղիչ միջավայրով բանտի մը մէջ:

Վալերի Փերմեաքովը մեղադրուած է նաեւ Գիւմրիի մէջ Աւետիսեաններու 7 հոգինոց ընտանիքի բոլոր անդամներուն սպանութեան մէջ:

Նախաքննութեան տուեալներով, Գիւմրիի մէջ տեղակայուած ռուսական 102-րդ զօրակայանի զինուորական ծառայողը այս տարուան 12 յունուարին ինքնակամ, զէնքով լքած է պահակակէտը եւ սպաննած է Աւետիսեաններու ընտանիքի 6 անդամները, վիրաւորած մանկահասակ երեխայ, որ աւելի ուշ մահացաւ: Թուրքիոյ սահմանը կտրելու փորձ կատարելով ռուս սահմանապահներուն կողմէ ձերբակալուած Փերմեաքով խոստովանած է իր մեղքը:

Աւետիսեաններու սպանութեան գործը, յիշեցնենք, ռուսական կողմը վերջերս փոխանցեց հայկական կողմին, իսկ ռուսական զօրակայանի դատարանը Փերմեաքովը դատեց միայն զէնքով դասալքութիւն կատարելու, հրաձգային զէնք, զինամթերք յափշտակելու եւ զանոնք ապօրինի կրելու մեղադրանքներով:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.