2015-08-13 11:24:00

«Քրիստոնեայ-Իսլամ երկխօսութեան անհրաժեշտութիւնը » Արամ Ա. Կաթողիկոս


Երկուշաբթի, 10 օգոստոս 2015-ի երեկոյեան, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին այցելեցին «Կրօններու եւ մշակոյթներու հանդիպում» յանձնախումբի անդամները` գլխաւորութեամբ յանձնախումբի ընդհանուր քարտուղար շէյխ Հիւսէյն Ահմետ Շհատէի: Ժողովին ներկայ էին նաեւ կաթողիկոսարանի Միջեկեղեցական բաժանմունքի վարիչ Յուսիկ Ծ. վրդ. Մարտիրոսեան եւ Միջեկեղեցական յանձնախումբի անդամ դոկտ. Ժան Սալմանեան:

Ընդհանուր քարտուղարը նախ անդրադարձաւ վեհափառ հայրապետին բանալի դերակատարութեան` միջեկեղեցական, միջկրօնական եւ ժողովուրդներու միջեւ խաղաղ համագոյակցութեան մարզերուն մէջ տարած իր աշխատանքներուն: Շէյխ Շհատէ յայտնեց, որ լաւ կը ճանչնայ հայ ժողովուրդի պատմութիւնը եւ անոր ցաւը կը նկատէ իր ցաւը: Ան խստիւ դատապարտեց Հայոց ցեղասպանութիւնը` պատասխանատու սեպելով Թուրքիան 100 տարի առաջ կազմակերպուած ու գործադրուած ցեղասպանութեան: Ան նկատեց, որ Թուրքիան այսօր եւս ժխտական դերակատարութիւն ունի Միջին Արեւելքի ապակայունացման, ինչպէս նաեւ ահաբեկիչ զանազան խմբակներու զօրակցութեան մէջ: Վերջապէս, շէյխ Շհատէ ըսաւ, թէ ինք այս առիթը կ՛ուզէ օգտագործել եւ կաթողիկոսարանէն կոչ ուղղել բոլոր քրիստոնեաներուն կառչած մնալու իրենց արմատներուն եւ հողերուն Միջին Արեւելքի մէջ:

Վեհափառ հայրապետը իր կարգին գնահատելով երկխօսութեան այս նախաքայլը ըսաւ. «Քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութիւնը հրամայական անհրաժեշտութիւն է համաշխարհայնացած այս աշխարհին մէջ` բոլոր մակարդակներուն վրայ: Ամբողջ աշխարհը այսօր կրօնական ծայրայեղականութեան դժուարութեան դէմ յանդիման կը կանգնի, եւ մեր բոլորին պարտաւորութիւնն է պայքարիլ ծայրայեղականութեան դէմ»: Վեհափառ հայրապետը քրիստոնեայ-իսլամ համագոյակցութիւնը նկատեց շրջանին նկարագիրը, որուն պահպանումին համար պէտք է ճիգ թափեն քրիստոնեաներն ու իսլամները հաւասարապէս, եւ զգուշացուց կրօնին քաղաքական նպատակներով շահագործուելուն վտանգէն: Անդրադառնալով Թուրքիոյ դերակատարութեան` վեհափառ հայրապետը յայտնեց. «Հայ ժողովուրդը պատմութեան ընթացքին լաւապէս ճանչցած է թրքական նենգ քաղաքականութիւնը: Մենք օրին արաբական աշխարհի զանազան պատասխանատուները զգուշացուցինք Թուրքիոյ երկդիմի ու վտանգաւոր քաղաքականութենէն: Այսօր բոլորին ծանօթ են Թուրքիոյ որդեգրած նոր համաթուրանականութիւնը եւ ծայրայեղականութեան ու ահաբեկչութեան իր կողմնակցութիւնը»:








All the contents on this site are copyrighted ©.