2015-08-12 16:33:00

Հայ Եկեղեցին Եւ Հայ Երիտասարդը Դէմ առ Դէմ


Կարելի՞ է լուռ մնացողը՝ յանցաւոր սեպել

 

Լռակեացները՝ ըլլան կրօնաւոր կամ աշխարհական  կը կիրարկեն կեանքի կերպ մը, օրուան յատուկ ժամերուն միայն իրենց բերանը բանալով ու ընկերոջ հետ խօսելով,սա  փորձառական կերպ մըն է, որուն օգուտները կը խորհին թէ կը քաղեն այդ ուղղութեան հետեւողները:
Մենք այսօր պիտի խօսինք այլ տեսակի լռութեան մասին։

Մէկուն վրայ սեւեռուած նայուածք մը, առանց ոչ մէկ բառ արտասանլու, յանկարծ կրնայ անոր հոգեկան ներքին ծալքերուն մէջ թարգմանուիլ իբրեւ թշնամանք, եւ կամ՝ մտերմութեան նախադուռ… Սա մէկ օրինակն է պարզապէս այն բազմամիլիոն արտայայտութիւններուն, որոնք կրնան շատ կարճ ժամանակամիջոցին մէկ անձէն միւսը փոխանցուիլ, առանց օգտագործելու լեզուն, իր տարբեր ազգութիւններու բարբառներով կամ նոյնիսկ առանց սոսկ անոնց ձայնային ելեւէջներուն:
Հոգիին վճիտ գեղեցկութիւնը, սակայն, երբեմն կը խծբծուի աւելորդ շպարով։ Հոգեկան տխեղծ պատկերներ ստեղծելով զանոնք ուրիշներուն ներկայացնելու աշխատանք թափող այս շրջուն փերեզակները, իրենց ուշադրութիւնը կը կեդրոնացնեն մարդոց հոգեկան դէմքին վրայ եւ ո՛չ թէ ֆիզիքական: Անոնց հիմնական թիրախը մեր հոգեկան ու բարոյական գեղեցկութիւնն է, որ անյապաղ պէտք է արատաւորեն, հասած ըլլալու համար իրենց գերագոյն նպատակին: Յիշեալ ուղղութեամբ գործող մարդոց կեանքին հիմնական մղիչ ուժը իրենց թիրախներու լռութիւնն է: Անոնց լռութենէն ո՛չ միայն քաջալերուելու, այլ զօրանալու վատ յատկութեամբ օժտուած են այս տեսակ մարդիկ:

Միշտ ըսուած ու կրկնուած խօսք է, թէ՝ «Լռութիւնը ոսկի է, իսկ խօսիլը՝ արծաթ»: Սակայն կը տեսնենք նաեւ առօրեայ շուկային մէջ երբեմն ոսկիի արժէքին անկումը, ի շահ այլ նիւթերու թանկացման կամ սղաճին: Ուրեմն միշտ ալ չխօսիլը «ոսկի չէ՛»: Ոսկին ալ իր անկումի ժամանակը ունի, ինչպէս ունի իր արժէքաւորման ժամանակը:
Դատական ատեաններու մէջ արդարութեան օրինապահ մարմիններ միշտ առիթ կ՛ընծայեն ամբաստանեալներուն խօսելու եւ ինքնապաշտպանութենէ աւելի՝ բացատրութիւն տալու ըսուածներուն մասին:
Դատական ատեանի այս հրապարակային քննարկումէն դուրս կը մնան անշուշտ, ուրիշներու լռութենէն օգտուող եւ մէկ խօսքով «մութին մէջ գործող» վախկոտ մարդիկ: Անոնցմէ շատերը եթէ հրապարակաւ գործէին, դատական ատեաններու արդարամիտ նկատառումներէ խուսափած չէին ըլլար ու վաղուց պախարակուած եւ իրենց արդար պատիժին արժանացած կ՛ըլլային: Սակայն, անոնք միայն ուրիշներու լռութեան հետեւանքով ուժի տիրացած ու յարձակողապաշտ դարձած երկչոտ ու ծածաղամիտ անձեր են պարզապէս:
Ի՞նչ վերաբերում ցոյց պէտք է տալ անոնց նկատմամբ:
Ոմանք, չդիմանալով իրենց լռութիւնը շահագործող մարդոց վարմունքին՝ պարզապէս ատելավառ արհամարհանքով կը լեցուին անոնց նկատմամբ. իսկ ուրիշներ, անկերպարան մարդիկ համարելով զանոնք՝ կը շարունակեն լռութեամբ պայքարիլ անոնց դէմ։

Սակայն լաւագոյնը պիտի ըլլար բնա՛ւ դառնութիւն կամ ոխ չունենալ այդպիսիներու նկատմամբ, այլ՝ միայն չափազանց կարեկցութիւն: Իսկապէս մեր կարեկցութեան պէտք ունին մեր լռութենէն օգտուողները, գէթ մեր լռութիւնը ընդօրինակել սորվելու համար: Լռութեամբ յաղթելու դասապահի աշակերտ կարելի՛ է դարձնել մեր լռութենէն օգտուիլ փորձողները, գէթ սորվեցնելով անոնց յաղթահարել ամէն վարանք այս կեանքի մէջ, եւ ինքնավստահութեամբ յենիլ միա՛յն իրենց սեփական ուժերուն:
Լռութենէդ օգտուողը արժանի չէ՛ քու արդարամիտ խօսքիդ, որու հեղինակութիւնը իր ոչնչութենէն անհամեմատելի բարձր է :
Իսկ անոնք, որոնք լուռ մնացողը յանցաւոր կը նկատեն, շատ չե՛ն տարբերիր լռութիւնդ օգտագործող գաճաճներէն, որոնց հետ համահասակ մարդիկ պէտք է նկատել զիրենք:
«Բարոյական հասակը» կը ստեղծուի լռութեամբ ու մանաւանդ՝ այդ լռութիւնն օգտագործող մարդոց ցեխարձակումին դիմաց՝  ՜՜քա՛ր լռութեամբ՝՝: 








All the contents on this site are copyrighted ©.