2015-08-12 15:49:00

Կարդինալ Փարոլին ՜՜միջկրօնային երկխօսութիւնը անհանդուրժողականութեան դէմ՜՜


(Ռատիօ Վատիկան) Վատիկանի Պետական Քարտուղար կարդինալ Փիէթրօ Փարոլին, Ասիոյ մէջ կատարած ճամբորդութեան ընթացքին   երեքշաբթի, 11 օգոստոսին, Ինտոնեզիոյ Ժաքարթա մայրաքաղաքին մէջ հանդիպում ունեցաւ  Ինտոնեզիոյ արտաքին գործոց նախարար տիկին Ռէթնօ Մարսուտի հետ։ Նշենք, թէ Ծիրանաւորը Ասիա կը գտնուի, մասնակցելու համար  յառաջիկայ 15 օգոստոսին,  Թիմոր Էսթ  քաղաքին մէջ  աւետարանութեան 500 ամեակի առթիւ կազմակերպուած յոբելինական հանդիսութեան։

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան միջկրօնական համակեցութեան  հարցեր  ինչպէս դաստիարակչական ,  ընկերային եւ մշակութային մարզէն ներս ծրագիրներ։

Կարդինալ Փարոլին, Ինտոնեզիոյ նախարարին ուղղած խօսքին մէջ  յայտնեց,  թէ Վատիկանը շատոնց  ի վեր, Ինտոնեզիան համարած է որպէս խաղաղութեան տիպար երկիր , ուր միշտ տիրած  միջկրօնական բարի համակեցութիւնը , եւ տարբեր դաւանանքի պատկանող անձերու  միջեւ լաւ յարաբերութիւն։

Ինտոնեզիոյ նախարարը իր կարգին յարեց թէ  միջկրօնային երկխօսութիւնը լաւագոյն միջոցն է ամրապնդելու համար Ինտոնզիոյ եւ Սուրբ Աթոռի միջեւ յարաբերութիւնները։

Հանդիպումի աւարտին, տեղի ունեցաւ միացեալ  մամլոյ ասուլիս որուն ընթաքին երկու դիւանագէտները    հաստատեցին, թէ իւրաքանչիւր զանազանութիւն պէտք է դիմագրաւուի լաւագոյնը փնտռեու համար , եւ ցոյց տալու թէ իրարմէ  տարբերը խումբեր միշտ  պատրաստ են համագործակցելու , ստեղծելու համար  իւրաքանչիւր մարդու  բաց աշխարհ մը։

Նշենք թէ Վատիկանը հանդիսացած է առաջին Պետութիւնը  որ պաշտօնապէս  ճանչցած  է Ինտոնեզիոյ անկախութիւնը՝ 17 օգոստոս 1945ին.։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.