2015-08-12 13:44:00

Գերապայծառ Մինասեան «Սեպտեմբեր 2015-ին Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքը Հայաստան Պիտի այցելէ»


«Քաղաքական  երեւոյթները Վատիկանի վրայ ազդեցութիւն չեն կրնար   գործել»,-  «Արեւելք»ին ըսաւ   Հայաստանի  եւ արեւելեան Եւրոպայի Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ առաջնորդ  Տ. Ռաֆայէլ Եպս. Մինասեան: Սրբազան հայրը, պատասխանելով այն հարցումին,  որ արդեօ՞ք Վատիկանի կողմէ վերջերս   երանութեան   կոչում ստացած Մէլքին    սրբազանի պարագան կրնայ Վատիկան- Անգարա   արդէն իսկ լարուած   յարաբերութիւնները աւելիով սրել ըսաւ ՝ «Մի մոռնաք, որ սուրբ   աթոռը  քաղաքական հաշիւներէ   վեր է եւ արդարութեան   ու հոգեւոր կեանքին մէջ    եկեղեցին ոչ մէկ կաշկանդում ունի»:

Տ. Ռաֆայէլ Սրբազան նաեւ  ըսաւ, որ   անցնող  Ապրիլին Վատիկանի մէջ Սրբազան  քահանայապետին   կատարած  յայտարութիւնը կապուած Հայոց Ցեղասպանութեան  անկիւնադարձային էր եւ այդ  յայտարարութեան արձագանքները կը շարունակուին ամէնուրէք:     Առաջնորդ սրբազանը   նկատել տուաւ, որ   յատկապէս     Արեւելքի մէջ  տեղի ունեցած բռնադատութիւնները եւ  աշխարհով մէկ կատարուած ցեղասպանութիւնները դատապարտելի են ու Վատիկան   այդ բոլոր ժողվուրդներուն  դատը կը պաշտպանէ:

Ան   յատկապէս յիշատակեց Ֆրանչիսկոս Պապին    ճիգերը, որոնց շնորհիւ բոլոր  վիրաւոր ժողովուրդներուն դատը  դարձեալ  լուսարձակի տակ առնուեցաւ:  Իսկ այն հարցումին, թէ ինչ տպաւորութիւններով կը վերադառնայ Պէյրութէն, ուր տեղի ունեցած էր հայ կաթողիկէ  պատրիրաքի ընտրութիւնը   սրբազան հայրը ըսաւ, որ  «տեղի ունեցածը շատ բնականոն երեւոյթ է   եկեղեցւոյ կեանքին մէջ շատ բնական  ընթացք մը    երջանկայիշատակ Տ.  Ներսէս- Պետրոս –ԺԹ- Թարմունի Պատրիարքի վախճանումէն ետք»:   Ան նաեւ յայտնեց, որ տեղի ունեցած գահակալութիւնը  կայացաւ համամիութենական մթնոլորտի մը մէջ  եւ   Ամենայն Հայոց  կաթողիկոսի ներկայացուցիչին ու Կիլիկիոյ  Արամ  Ա.  կաթողիկոսին  ներկայութեամբ»:  Սրբազան հայրը նաեւ  ըսաւ, որ    Հայ Կաթողիկէ Տ.    Գրիգոր- Պետրոս Ի.  Պատրիարքը յառաջիկայ Սեպտեմբերին    Հայաստան պիտի ժամանէ  մասնակցութիւն բերելու Սուրբ Էջմիածնի մէջ   տեղի ունենալիք Միւռոնօրհնէքի   արարողութեան:








All the contents on this site are copyrighted ©.