2015-08-11 13:03:00

Լոկ զինուորական միջամտութեամբ կարելէ չէ վերահաստատել խաղաղութիւնը ըսաւ Լուիս Սաքօ


(Ռատիօ Վատիկան) Իրաքի տարածքը գտնուող,  Նինվէ նահանգի եւ Մուսուլ  քաղաքի, Մահմետական ծայրայեղական ահաբեկիչներու տիրապետութեան տակ գտնուելէ ՝  անցաւ  մէկ տարի։  Իրաքի Քաղտէացիներու Պատրիարքը,  գերերջանիկ Ռաֆայէկ Լուիս Սաքօ , երեքշաբթի, 11 օգոստոսին կոչ ուղղած է  Իրաքի կառավարական իշխանութիւններուն՝ ազգային համերաշխութեան եւ միութեան ի խնդիր։Քաղդէացիներու Պատրիարքը կոչին մէջ յայտնեց թէ Քրիստոնեաներու ու Եազիտի հասարակութիւններու  բռնի տեղահանումէն  անցաւ մէկ տարի, անոնք տակաւին կ՝ապրին տաժանելի եւ անմարդկային պայմաններուն մէջ։ Անոնց սեփական հողերը գրաւուած են   եւ մշակութային ժառանգութիւնը վտանգուած։  Ծայրայեղական ահաբեկիչները կը շարունակեն բռնի կերպով  պարտադրել իրենց գաղափարականութիւնն  ու իշխանութիւնը  սպառնալով   համայն մարդկութիւնը    Իրաքի  կառավարական  բոլոր իշխանութիւններուն հասցէին ուղղած կոչին մէջ  Պատրիարք  Սաքօ կարեւորած   է  երկրի  ազգային համերաշխութինն ու  միութիւնը ի շահ Իրաքի խաղաղութեան եւ ժողովուրդի  յոյսի վերականգման , որովհետեւ լոկ՝  զինուորական գործողութեամբ կարելի չէ վերահաստատել երկրին մէջ խաղաղ համակեցութիւնը, ուստի  անհրաժեշտ է ազգային համերաշխութիւնը որ է  միակ էական պայմանը ծայր տալու ընդհարումներուն  եւ վերահաստատելու խաղաղութիւնը տարածաշրջանին մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.