2015-08-11 11:23:00

Գերապայծառ Կալանթինօ՝՝երախտապարտ ենք գաղթականներու տուած հաւատքի վկայութեան համար՝՝


(Ռատիօ Վատիկան) Իտալական Եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի ընդհանուր քարտուղար՝ Գերապայծառ Նունցիօ Կալանթինօ, յանուն Իտալական Եպիսկոպոսաց դասի, վերջերս Յորդանանի մէջ այցելութիւն տուա Իրաքէն փախուստ տուող Քրիստոնեայ գաղթականներուն։

Գերապածառ Կալանթինօ Յորդանանի  այցելութեան ծիրէն ներս գաղթակններուն փոխանցեց Ֆրանչիսկոս Պապի  ողջոյններն  ու ցուցաբերեց  բովանդակ եկեղեցւոյ մօտիկութիւնը հանդէպ հալածուած եղբայրներուն։

Ան Հռոմ վերադարձին, ելոյթ ունեցաւ Վատիկանի Ռատիօ Կայանի հետ որուն ընթացքին խօսեցաւ  իր տպաւորութիւններուն մասին յարելով  թէ Յորդանան չի գնաց բան մը տալու համար այլ ստանալու։ Յորդանան ժամանեցի ըսաւ Գերապայծառ Կալանթինօ շնորհակալութիւն յայտնելու գաղթականներու տուած հաւատքի վկայութեան համար որոնք Յիսուսի ու Աւետարանի կառչած մնալուն համար թողուցին ամէն ինչ եւ դիմեցին այլուր։

 Շատ  յուզիչ եւ տպաւորիչ  է Յորդանանի եկեղեցւոյ գործունէութիւնն ու հոգատարութիւնը   գաղթականներու հանդէպ,  որոնք իրենց կարգին եւս կ՝ապրին ընդառաջելով  Աւետարանի հրաւէրին ՝ընկալել    հալածուած եղբայրներն ու քոյրերը   

Զրոցի աւարտին Գերապայծառ Կալաթինօ յայտցնեց  թէ յառաջիկայ 1 սեպտեմբերին, դպրոցական վերամուտին Իտալական Եպիսկոպոսաց  համահաւաք դասը  նիւթական օժանդակութեամբ պիտի սատարէ աւելի քան 1400 աշակերտներու դպրոցական ծախսերուն։։  

 








All the contents on this site are copyrighted ©.