2015-08-10 12:21:00

Ֆրանչիսկոս Պապի պատգամը Աւիլայի մէջ երիտասարդաց հաւաքի մասնակիցներուն։


(Ռատիօ Վատիկան) Սպանիոյ  Աւիլա քաղաքին մէջ կայացած, 5-9 օգոստոս 2015-ին, եւրոպայի երիտասարդներու հաւաքին  ծիրէն ներս Կիրակի, 9 օգոստոսին,  հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագի ընթացքին, Վատիկանի Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փիէթրօ Փարոլինի ձեռամբ գրուած, կարդացուեցաւ  Ֆրանչիսոս Քահանայապետի պատգամը, որուն մէջ Սրբազան հայրը յատուկէն ողջունած է  Եւրոպայի երիտասարդաց հաւաքի կազմակերպիչները եւ անոր մասնակիցները, որոնք Աւիլա քաղաքին մէջ միատեղ հաւաքուած եկած  են վկայելու իրենց հաւատքն ու  իրենց Սէրը եկեղեցւոյ հանդէպ, հետեւելով Յիսուսի Սրբուհի Թերեզայի ուսուցումին ՝ որուն  ծննդեան  յոբելինական 500-րդ ամեակը կը նշուի ։

Կարդինալ Փարոլին պատգամին մէջ յայտնած է նաեւ  Նորին Սրբութեան քաջալերանքի խօսքը երիտասարդներու ուղղութեամբ, չի գոհանալ միջին  եւ  առանց տենչանքի   կեանք ապրելէ, այ՝լ ջանք թափել աճելու՝ Քրիստոսի հետ սերտ կեանք ապրելով, եւ ամէն օր առ աւելի գիտակցութիւնը ունենալ Սուրբ Մկրտութեան եւ Սուրբ Դրոշմի խորհուրդին միջոցաւ ստացած պարգեւներուն, որոնք մեզ կը մղեն Քրիստոսի Սէրը փոխանցելու մեր եղբայրներուն։ 

 Պատգամի  աւարտին , Կարդինալ Փարոլին յայտնած է Ֆրանչիսկոս Պապի բաղձանքը,  իրեն դիտաւորութեան աղօթելու համար, ինչպէս   նաեւ Տիրամօր հովանիին յանձնելով երիտասարդները   փոխանցեց անոնց Ֆրանչիսկոս Պապի առաքելական օրհնութիւնը։

 

 








All the contents on this site are copyrighted ©.