2015-08-10 12:26:00

Ֆրանչիսկոս Պապ հաստատեց Արարչագործութեան խնամքի դիտաւորութեան համաշխարհային աղօթքի օր


(Ռատիօ Վատիկան) Երկուշաբթի, 10 օգոստոս 2015ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, նամակ մը յղեց Քահանայապետական արդարադատութեան եւ խաղաղութեան խորհուրդի կարդինալ՝ Փիթէր Թուրքսոնին, ինչպէս նաեւ Քրիստոնեաներու միութեան խորհուրդի նախագահ՝ Կարդինալ Քուրդ Քոխին։ Նամակին մէջ Սրբազան Հայրը, յատուկ համաշխարհային աղօթքի օր հաստատեց արարչագործութեան խնամքի դիտաւորութեան համար, որ պիտի նշուի ամէն տարի,  2015 սեպտեմբեր ամիսէն սկսեալ։

Նամակին մէջ Նորին Սրբութիւնը գրած է ՝՝բաժնեկցելով Պոլսոյ Տիեզերական Պատրիարքի Բարթողիմէոսի մտահոգութիւնը արարչագործութեան ապագայի նկատմամբ, եւ ընդառաջելով Անոր ներկայացուցիչ Մետրոպոլիտ Իոաննիոս Փէրկամոյի հրաւէրին, որ ներկայ գտնուած էր Իմ Գովեալ Ըլլաս շրջաբերական թուղթին ներկայացման արարողութեան, կը յայտնեմ փափաքս  հաստատելու  նաեւ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ  մէջ  համաշխարհային աղօթքի օր՝ արարչագործութեան խնամքի դիտաւորութեան համար, սկսեալ  յառաջիկայ մէկ սեպտեմբեր ամիսէն, ինչպէս՝  վաղուց Ուղղափառ եկեղեցիները կը կատարեն։

Որպէս քրիստոնեաներ, կ՝ուզենք մեր նպաստը բերել,  բնապահպանման տագնապի գերազանզման ի խնդիր՝ ուր  մարդկութիւնը կ՝ապրի։ Ասոր համար, նախ եւ առաջ պէտք է որ, մեր հոգեւոր հարուստ ժառանգութենէն քաղել  այն դրտապատճառները, որոնք կը սնուցանեն արարչագործութեան խնամքի հանդէպ սէրը,  միշտ յիշելով, թէ Յիսուսի հաւատացողները՝ Աստուծոյ Բանը որ մեզի համար մարդացաւ,  հոգեւորականութիւնը մարմնէն անջատուած   չէ  , ոչ իսկ բնութենէն, կամ ալ այս  աշխարհի իրականութենէն, այլ՝ հոգեւորակնութիւնը կ՝ապրի անոնց հետ եւ անոնց միջեւ հաղորդութեամբ՝ շրջապատող իրողութիւններուն  ։Ուստի՝ բնապահպանման տագնապը մեզ կը հրաւիրէ լուրջ  հոգեւոր դարձ կատարել։

Ապրիլ կոչումը՝ Աստուծոյ արարչագործութեան պահակները ըլլալու, էական մաս կը կազմէ առաքինական գոյութենականութեան,  անիկա այլընտրանքի  մաս չի կազմեր ոչ իսկ երկրորդական կը համարուի  քրիստոնէական փորձառութեան։

Արարչագործութեան խնամքի դիտաւորութեան  տարեկան  համաշխարհային աղօթքի օրը, մեզի ՝ իւրաքանչիւր հաւատացեալի, հասարակութիւններու, թանկարժէք առիթ պիտի ըլլայ վերանորոգելու անհատական հաւանութիւնը հանդէպ՝  արարչագործութեան խնամքի յատուկ կոչումին, երախտագիտութիւն  յայտնելով Աստուծոյ շքեղ , հրապուրիչ ստեղծագործութեան համար , որ մեր հովանիին յանձնեց, հայցելով Աստուծոյ օգնութիւնը արարչագործութեան պահպանման ի խնդիր եւ Անոր ողորմութիւնը, աշխարհի դէմ մեր գործած մեղքերուն հանար։

Արարչագործութեան խնամքի համաշխարհային աղօթքի օրուայ նշումը օրթոտոքս եկեղեցւոյ հետ միասին միեւնոյն օրը՝  արդիւնաբեր առիթ պիտի ըլլայ վկայելու համար մեր աճ արձանագրոյ  հաղորդութիւնը ուղղափառ եկեղեցւոյ եղբայրներուն հետ։ Կ՝ապրինք ժամանակաշրջան մը, ուր համայն քրիստոնեաները կը դիմագրաւեն միեւնոյն կարեւոր մարտահրաւէրներ, որոնց հանդէպ աւելի զօրեղ եւ արդինաւոր ըլլալու համար, հարկ է հասարակաց պատասխանի մը։

Ասոր համար, իմ մաղթանքս է որ այս աղօթքի օրը կարողանայ իր մէջ պարփակէ նաեւ այլ եկեղեցիներ եւ եկեղեցական հասարակութիւններ, ինչպէս նաեւ աղօթքի օրը նշուի համաձայնութեամբ Եկեղեցիներու համամիութենական խորհուրդի՝ այս ուղղութեամբ ձեռնարկած ծրագիրներուն հետ։  

 








All the contents on this site are copyrighted ©.